ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս երկար կամ կարճ շնչառութեամբ օժտուած կ՛ըլլան: Վստահաբար տեսած էք երկար մղոններ վազած մարզիկներուն շնչասպառ վիճակը: Նոյնպէս, վստահաբար լսած էք իր անկողինին վրայ հանգիստ նիրհող մարդու հանդարտ ու խոր շնչառութիւնը: Առաջինը կրնանք «կարճ շնչառութիւն» կոչել, իսկ երկրորդը` «երկար»:
Կրօնական ու բարոյական ապրումներէ զուրկ եւ ընդհանրապէս ծնողական թերի դաստիարակութեամբ մեծցած անձնաւորութիւններ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան անհակակշիռ գործունէութիւն կը վարեն: Ծնողական թերի դաստիարակութիւնը յիշեցինք, սակայն անիկա պատճառ մը չէ, որ մանուկը իր հասուն տարիքին բարձր դիրքեր չնուաճէ: Խորամանկ եւ խաբեբայ, ստախօս ու քսակահատ մարդիկ ալ բարձր դիրքերու հասած են: Ուրեմն, ծնողական հոգածու դաստիարակութիւնը եթէ առաւելութիւն մըն է մանուկն համար, սակայն յատուկ ազդեցութիւն կրնայ չունենալ ապագային:
Տարօրինակ չթուի մեր այս հաստատումը, որովհետեւ քիչ առաջ մեր տուած օրինակին ճիշդ հակառակն ալ կրնանք մէջբերել այստեղ՝ ըսելով, որ շատ մը անհոգ ու անտարբեր, նոյնիսկ խաբեբայ ու աւազակ ծնողներէ ծնած զաւակներ հետագային շատ օրինակելի մարդիկ դուրս եկած են, ուրիշներուն օգտակար հանդիսանալով:
Մշակոյթներու տարբերութիւնը կամ քաղաքացիական օրէնքները պատճառ կը համարուին երբեմն, որ մարդոց մէջ տեսակ որոշուի կամ մարդկային ընկերութիւնը խմբաւորումներու ենթարկուի: Ուրիշ խօսքով, երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ ապրողները ոմանց տեսակէտով աւելի «վայրենի» կամ անքաղաքակիրթ կ՛ըլլան, իսկ զարգացած երկիրներու ժողովուրդները՝ քաղաքավարական օրէնքներու հասու:
Մենք խստօրէն կը դատապարտենք նման մօտեցումներ, որովհետեւ ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ալ հանդիպած ենք գազանային վայրենութեամբ մարդոց, եւ միւս կողմէ ամէնէն յետին քաղաքակրթութեամբ ապրող երկիրներու մէջ` բարոյական բարձր գիտակցութեամբ եւ քաղաքավարական ամէնէն նուրբ զգայարանքով օժտուած մարդոց…: Մնացածը ամբողջ կեղծ քաղաքականութիւն է, որուն գաղափարին մերկութիւնը ուշ կամ շուտ կը յայտնուի:
Նիւթական հիմքերով զօրաւոր երկիրներու եւ նիւթապաշտական խմորումներով ծանրաբեռն մարդկային ընկերութիւններու առօրեայ հարցերը շատ աւելի բարդ են, քան միջակ հարստութեամբ եւ նոյնիսկ աղքատութեամբ իրենց կեանքը քարշ տուող ժողովուրդներու իրավիճակը:
Հակասական գաղափարները յաճախ պատճառ կը հանդիսանան աւելի առողջ քննարկումներու եւ խոր վերլուծումներու: Աղքատին միակ մտահոգութիւնը իր անսուաղ որովայնն է: Բայց ականջ տուէք կուշտի մը ունեցած մտահոգութիւններուն…: Վստահ եղէք, որ մէկ օրուան 24 ժամերը բաւարար պիտի չըլլան զինք ունկնդրելու:
Կարճ շնչառութեամբ մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքը կը վատնեն հեւ ի հեւ վազելով նիւթական հարստութիւն դիզելու ետեւէ, երբ յանկարծ կը նշմարեն, որ աւարտեր է իրենց սահմանափակ կեանքը, եւ հասեր են գերեզմանափոսի եզրին:
Երկար շնչառութիւնը կեանքի օրերու յաւելում չի բերեր. սխալ բաղդատականի չմղենք ձեզ: Սակայն յստակ է, որ նոյնիսկ նոյն սահմանափակ օրերու գումարը ապրելով, երկար շնչառութեամբ մարդիկ իրենց մահէն ետք ալ կը շարունակեն գոյատեւել, իրենց ունեցած աննիւթեղէն հարստութիւնը կտակած ըլլալով մարդութեան:
Աստուածավախ եւ իսկապէս բարեպաշտ անձեր հետաքրքրուած չեն ըլլար այն անձերով, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ուրիշները հարուածած ու զանոնք նուաստացուցած են: Անոնք նոյնիսկ «Աստուծոյ համար» կամ «Քրիստոսի նման» չարչարուած ըլլալու պատիւը կը զգենուն հոգեպէս, միշտ դրական մօտեցում ունենալով կեանքէն եկող դժուարութիւններուն նկատմամբ:
Կրօնական կամ բարոյական կեանքէ ոչ շատ հեռու, սակայն Աստուծոյ դատաստանին աղօտ հայեացքով կամ տկար աչքերով նայող մարդիկ յաճախ հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ Աստուած չի՛ պատժեր այն անձերը, որոնք ուրիշներու կեանքը կը թունաւորեն դժուարութիւններու յարուցումով կամ զանոնք հարստահարելով:
Այս պարզ հարցումին պատասխանը նոյնքան պարզ է ու յստակ.
_ Իր նմանին կեանքը դժոխքի վերածած մարդը պատիժ պիտի կրէ՛, ա՛նպայման:
Մարդու կեանքը նման է ծովու մակընթացութեան եւ տեղատուութեան: Կը տեսնենք, որ երբեմն ծովուն ջուրերը կը բարձրանան ու կը ծածկեն քարափը եւ երբեմն ալ կը տեսնենք, որ անոնք կը քաշուին, խորութիւն ստեղծելով քարափէն ծովը դիտողին դիմաց: Մարդկային կեանքն ալ ունի այդ մակընթացութիւնը եւ տեղատուութիւնը:
Միակ տարբերութիւնը ծովու եւ մարդկային կեանքի այս փոփոխութեան այն է, որ առաջինին պարագային երկուքին փորձառութիւնն ալ կրնանք ունենալ: Այսինքն անձ մը եթէ ծովափին կը գտնուի, կրնայ տեսնել այդ փոփոխութիւնը օրուան տարբեր ժամերուն: Սակայն մարդկային կեանքը շատ կարճ է, կեանքի մակընթացութիւնն ու տեղատուութիւնը տեսնելու համար:
Շատե՜ր իրենց աչքերը առյաւէտ կը փակեն, առանց տեսնելու զիրենք չարչարած ու ամբողջ կեանք մը զիրենք հալածած մարդոց կործանումը, նահանջը կամ այս իմաստով «տեղատուութիւն»ը: Ոմանք նոյնիսկ յուսահատական ճիչեր կ՛արձակեն մահուան սնարին մէջ, իրենց բողոքը արտայայտելու համար արդարադատ Աստուծոյ նկատմամբ:
Դարձեալ կը կրկնենք անխախտ մեր համոզումը այս մասին, հանգստացնելու համար բազմաթիւ տառապեալ անձերու միտքը.
_ Իր նմանին կեանքը դժոխքի վերածած մարդը պատիժ պիտի կրէ՛, ա՛նպայման:
«Տեղատուութիւն»ը անկասկած տեղի պիտի ունենայ, մենք տեսնենք կամ չտեսնենք, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ փախչիլ Աստուծոյ դատաստանէն: Նախապէս հանգամանաւոր մարդիկ, ժամանակներու աւարտին պաշտօնազուրկ ըլլալով, յանկարծ ծովուն խորը կը քաշուին տեղատուութեամբ, ու ոչ միայն իրենց նախկին մկանազարդ բազուկները, այլեւ ամբողջ մարմինը շարժելով չեն կրնար ծովեզր հասնիլ, անորոշութեան մէջ տուայտելով: Իսկ անորոշութենէն աւելի մեծ պատիժ չի կրնար պատկերացուիլ անձի մը համար, որ մինչեւ իսկ կը յաւակնէր երկրորդ կեանք մը ապահոված ըլլալ իր նիւթական հարստութեամբ:
Աստուած խստաբարոյ կամ դաժան էակ չէ, ոչ ալ սոսկ բարութեան խորհրդանիշ, այլ` գերագոյն Բարին իսկ է: Սակայն, ժողովրդային առածը կ՛ըսէ, որ «Աստուծոյ մտրակն ու գաւազանը անձայն կ՛ըլլան»:
Երրորդ անգամ ըլլալով կը կրկնենք մեր համոզումը, որուն պէտք է ամբողջական վստահութիւն ունենաք, նոյնիսկ եթէ ձեր կեանքը չբաւէ զայն տեսնելու համար.
_ Իր նմանին կեանքը դժոխքի վերածած մարդը պատիժ պիտի կրէ՛, եւ` ա՛նպայման: