ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայեր ամէն օր պարբերաբար կ՛ենթարկուին Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող ահաբեկչական եւ ցեղասպանական գործողութիւններուն, յայտարարեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` տեսաուղերձով դիմելով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, աշխարհի բոլոր երկիրներու մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, միջազգային կառոյցներուն եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն:
Ընդգծելով, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը կիրարկած է տարբեր տեսակի զինատեսակներ, որոնց կարգին մեծ տրամաչափի ականանետներ քաղաքացիական բնակավայրերուն ուղղութեամբ` պաշտպանը ներկայացուց մանրամասնութիւննեռ, ըստ որոնց, Խրամորթ, Խնապատ, Նախիջեւանիկ, Կարմիր շուկայ, Թաղավարդ՝ այս բոլոր համայնքներուն բնակիչները ամէն օր թիրախ են ատրպէյճանական ոճրագործութիւններուն։
7րդ օրն է որ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը զրկուած է կազամատակարարումէ, տեղեկացուց Ստեփանեան` նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը թոյլ չի տար, որ մասնագէտները մօտենան Հայաստանէն դէպի Արցախ երկարող միակ կազատարի վնասուած հատուածին` վերականգնողական աշխատանքներ կատարելու։
Թուարկելով ասոր պատճառով Արցախի մէջ ծագած մարդասիրական հարցերը` պատշաճ ջեռուցման բացակայութիւն, տաք ջուրի անհասանելիութիւն, կրթութեան, կենսական կարեւորութեան այլ հարցեր` պաշտպանը պահանջեց յստակ գնահատականներ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն:
«Այո՛, Ադրբեջանն իր ցեղասպան պահուածքով իրականացնում է Արցախի էթնիկ զտման քաղաքականութիւն: Իսկ բոլոր մարդիկ, բոլոր կառոյցները, որոնք իրապէս կարեւորում են մարդու իրաւունքների պաշտպանութիւնը, չպէտք է անտարբեր մնան: Մարդու իրաւունքները համընդհանուր են եւ հետեւաբար պէտք է զերծ լինեն երկակի ստանդարնտներից (չափանիշներէ) եւ տարբերակուած մօտեցումներից: Դիմում եմ ձեզ յոյսով, որ կը բարձրացնէք ձեր ձայնը եւ իրական քայլեր կը ձեռնարկէք ազգելու ադրբեջանական իշխանութիւնների վրայ` յորդորելու նրանց զերծ մնալ Արցախի ժողովրդի դէմ ուղղուած ատելութիւնից, անհանդուրժողականութիւնից եւ յանցաւոր գործողութիւններից», տեսաուղերձին մէջ կը յայտարարէ Գեղամ Ստեփանեան: