ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարին համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն «ամօթալի թղթածրար մը»՝ շեշտելով, որ կացութեան վատթարացման առաջքը առնելու համար խոստացուած ներդրումները պէտք եղածէն «3էն 6 անգամ» նուազ են։
Ըստ ՄԱԿին՝ ներկայ ընթացքով անկարելի է ապահովել, որ երկրագունդի ջերմացման բարձրացումը սահմանափակուի մէկ ու կէս աստիճանով։
ՄԱԿի միջկառավարական կլիմայի փոփոխութեան վերջին տեղեկագիրի հրապարակման լոյսին տակ, Կիւթերեշ զգուշացուց, որ մարդկութիւնը թափով կը յառաջանայ՝ դէպի կլիմայական աղէտ մը։ Ան յիշեցուց, որ կլիմայի տագնապը փաստուած է գիտութեան կողմէ եւ անիկա, ըստ էութեան, ծնունդ կ՛առնէ ուժանիւթի քաղաքականութիւններէն։ «Կարգ մը կառավարութիւններու կամ գործարար աշխարհի ղեկավարներու խօսքերը տարբեր են, իսկ գործերը տարբեր։ Կարճ խօսքով՝ կը ստեն եւ հետեւանքները աղէտի համազօր պիտի ըլլան», յստակօրէն ըսաւ Կիւթերեշ։
Ընդհանուր քարտուղարը նաեւ կոչ ուղղեց, որ ուժանիւթի վերանորոգուող աղբիւրներու անցումին համար նախատեսուած ջանքերը եռապատկուին։