ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Բոլորս գիտենք, որ օսմանեան բանակը անողոք դաժանութեամբ գրաւած է բազմաթիւ երկիրներ: Նաեւ գիտենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը զանգուածային սպաննութիւններ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է միլիոնաւոր հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու հանդէպ: Սակայն քիչերը գիտեն, որ օսմանեան սուլթանները սովորաբար սպաննած են իրենց ընտանիքի անդամները:
Վերջերս, YouTube-ի վրայ դիտեցի անհաւատալի տեսանիւթ մը, որուն մէջ փաստագրուած էր օսմանեան սուլթաններու բարբարոսական վարքագիծը: Տասներեք վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս օսմանեան ղեկավարները զբաղած էին «յոռի եւ կործանարար գործերով»: Տեսանիւթը վերնագրուած է՝ «Զարհուրելի բաներ, որոնք «բնական» էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: YouTube-ը ցոյց կու տայ, որ տեսանիւթը տեղադրուած է 15 Հոկտեմբեր 2021ին, եւ վեց ամիսէն նուազ ժամանակահատուածի մը մէջ զայն դիտած են 640,975 անձեր, որոնց 10 հազարը հաւնած է տեսանիւթը: Ասիկա կը նշանակէ, որ առաւել քան 640 հազար անձեր այժմ տեղեակ են օսմանեան սուլթաններու դաժանութիւններուն մասին:
Ահա՛ տեսանիւթին մասնակի սղագրութիւնը.
«Երբ (Սուլթան) Մեհմետ Նուաճողը պաշարեց Կոստանդնուպոլիսը, անոր հօրեղբայրը պատերու վրայէն կը կռուէր անոր դէմ: Օսմանցիին բնորոշ ձեւով Մեհմետ անողորմ վարուեցաւ իր հօրեղբօր հետ եւ գահը գրաւելէ ետք, պատգամ յղեց օսմանցիներու ապագայ սերունդներուն: Ան սկսաւ հաւաքել արական սեռի իր բոլոր ազգականները եւ մահապատիժի ենթարկեց զանոնք։ Իր անխղճութեամբ ան չխնայեց նոյնիսկ կրտսեր եղայրը, որ օրօրոցի մէջ նորածին մանուկ մըն էր: Մեհմետը առանց աչքը թարթելու շնչահեղձ ըրաւ զայն: Երբ մէջտեղէն վերցուց գահին իր բոլոր հաւանական յաւակնորդները, Մեհմետը յայտարարեց. «Իմ զաւակը, որուն որ պիտի անցնի սուլթանութիւնը, տեղին է, որ յանուն աշխարհակարգի, սպաննէ իր եղբայրները: Ուլեմայի (բարձրաստիճան կրօնական առաջնորդներու) մեծ մասը թոյլ կու տայ այս արարքը: Ուրեմն թող գործեն այսպէս»:
«Այսպիսով սկիզբ առաւ սերունդներու քաղաքացիական պատերազմներու շարքը, երբ իւրաքանչիւր յաջորդ սուլթան՝ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, ստիպուած էր ձեռքերը թաթխել իր եղբայրներուն, զարմիկներուն եւ հօրեղբայրներուն արեան մէջ՝ գահը պահպանելու համար: Կ՛ըսուի, որ ուրիշ Մեհմետ մը՝ Մեհմետ Գ., այնքան սրտնեղած էր, որ հոգեվարքի մէջ մօրուքը կը փետէր, երբ կրտսեր եղբայրը ողորմածութիւն կ՛աղերսէր եւ նորէն ու նորէն կ՛երդնուր, որ երբեք զէնք պիտի չբարձրացնէ իր դէմ: Սակայն, ստիպուած՝ ընտանեկան աւանդոյթներուն համաձայն, Մեհմետ Գ. առանց որեւէ խօսք ըսելու՝ շրջեցաւ, եւ հաւատարիմ մարդիկ սպաննեցին տղան՝ Մեհմետ Գ.ի միւս 18 եղբայրներուն հետ: Բոլոր 19 եղբայրներուն մարմինները ինկած էին Պոլսոյ փողոցները, եւ կ՛ըսէին, որ այդ գիշեր ամբողջ քաղաքը կ՛ողբար մահացածներուն հոգիներուն համար: Նկատի ունեցէք, որ նոր սուլթանի գահակալութենէն ետք, սպաննութիւնները պիտի չդադրէին: Թագաւորական ընտանիքի բոլոր ազգականներուն որսը պիտի շարունակուէր անողոքաբար»:
«Նոյնիսկ Սուլէյման Հոյակապի ձեռքերը մաքուր չէին, որովհետեւ ան փողոցին մէջ աղեղնալարով խեղդամահ ըրած էր իր զաւակը միայն այն պատճառով, որ վերջինիս ժողովրդականութիւնը խելագարութեան խնդիր դարձած էր օսմանցիներու ամէնէն նշանաւոր սուլթանին համար»:
«Սակայն, երբ 1617ին, Ահմետ Ա. յանկարծամահ եղաւ, ընդհանուր համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ ազգականներու եւ անոր ընտանիքին միջեւ: Այս անգամ Պոլսոյ փողոցները թագաւորական արիւնով ողողելու փոխարէն, հոգեւորականները հանդարտօրէն հաստատեցին առաջնեկութեան կիրառութիւնը (առաջնեկներու իրաւայաջորդութեան իրաւունքը) եւ նոր սուլթան յայտարարեցին անոր կրտսեր եղբայրը՝ Մուսթաֆա Առաջինը, որովհետեւ Ահմետի որդիները շատ փոքր էին երկիրը կառավարելու համար: Իրեն՝ Մուսթաֆան, խնայած էր իր եղբայրը՝ Ահմետ Առաջինը, քանի որ 12 եւ 13ամեայ եղբայրները չափազանց մօտիկ էին իրարու եւ դժուար թէ մէկը միւսին մահը պատուիրէր»:
«Այդ ժամանակէն սկսեալ ազգականները սպաննելու քաղաքականութիւնը փոխարինուեցաւ անոնց բանտարկութեամբ։ Հնարաւոր գահաժառանգները պէտք էր բանտարկէին Թոփքափի պալատին մէջ: Պոլսոյ մէջ, այս յատուկ կացարանները կը կոչուէին «քաֆես», որ կը նշանակէ «վանդակ»: Օսմանեան կայսրութեան իշխանը, կրնայ ըլլալ որ իր ամբողջ կեանքը բանտարկուած անցընէր «քաֆես»ի մէջ՝ օր ու գիշեր պահակներու հսկողութեան տակ: Այս իշխանները ստացած են ամէն տեսակ շքեղութիւն եւ կրնային վարել արքայական ցեղին վայել ճոխ ապրելակերպ, սակայն անոնց դէմ խստօրէն կիրարկուած են տնային բանտարկութեան սահմանափակումները: Այս պատճառով, շատ իշխաններ խելագարած են ձանձրոյթէն կամ դարձած են խիստ անառակ: Երբ նոր սուլթանը կը բերէին (Պալատի) Երջանկութեան դարպասներուն մօտ՝ վեզիրներու (նախարարներու) հաւատարմութիւնը ստանալու համար, այդ առաջին անգամը կ՛ըլլար, որ ան տասնամեակներու ընթացքին դուրս կ՛ելլէր «վանդակ»էն…: Ոչ իտէալական նախապատրաստական ընթացք մարդու մը համար, որ պիտի դառնար տիրակալ, այդպէս չէ՞: Թէկուզեւ ծիսական քաղաքացիական պատերազմները վերջ ունեցան, այսուհանդերձ, սակայն, թագաւորին ազգականները շարունակեցին ապրիլ՝ իրենց գլուխը ամէն վայրկեան կորսնցնելու մնայուն վախով»:
Տեսանիւթի երկրորդ մասին մէջ կը ներկայացուի սուլթանի մեկուսացուած կեանքը պալատին մէջ՝ իր բազմաթիւ հարճերուն հետ, հարեմի մը մէջ, որ կը գտնուէր սուլթանին մօր վերահսկողութեան տակ: Մենք գիտենք, որ, դժբախտաբար, այդ կիներէն քանի մը հատը եղած են երիտասարդ հայ աղջիկներ: Տեսանիւթի անանուն հեղինակը նկարագրած է նաեւ գլխատումները պալատին մէջ եւ այն երկու սիւները, որոնցմէ կը կախուէին կտրուած գլուխները:
Այսուհետեւ, եթէ ոեւէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը եղած է հանդուրժող եւ քաղաքակիրթ, կրնաք անոր առաքել այս յօդուածին պատճէնը կամ յղում կատարել Youtube-ի վերոնշեալ տեսանիւթին: Այս երկուքը կը լռեցնեն այդպէս արտայայտուողները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ