ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Որքա՜ն կը հպարտանայ մայր ստուգաբանութիւնը, երբ տեսնէ, թէ իր զաւակները՝ հայոց լեզուի հարազատ բառերը, դարերու ընթացքին հասակ նետած, աճած, կերպարանափոխուած եւ բարձր պաշտօններու հասած են: Ինչպէս «քարտուղար»ը, որ պապիրուսի թերթ էր նախապէս, ապա դարձաւ արքունի գրագիր, ելեւմուտքի պատասխանատու ու վերջապէս կայսերական նահանգապետ: Կան նաեւ բառեր, որոնք հեռաւոր երկիրներէ ճամբայ ելան եւ քաջարի առեւտրականներու օգնութեամբ՝ հասան Հայաստան, ինչպէս «թէյ», «նարինջ», «դարչին», «մեխակ»… Գալով՝ «գլուխ» բառին՝ անիկա ունի իւրայատուկ պատմութիւն, որուն ծանօթանալէ առաջ, փորձենք մօտենալ ստուգաբանութեան:
Ստուգաբանները մինչեւ 19րդ դար յաջողած էին բացայայտել հայոց լեզուի գրեթէ բոլոր բարդ եւ դժուար ճանաչելի բառերու ծագումը եւ ծնունդը: Իսկ «գլուխ»ը ձգեր էին իրենց օրակարգի վերջաւորութեան: Չէ՞ որ անիկա պարզ էր եւ անմիջական, եւ դիւրին պիտի ըլլար անոր լուծումը: Սակայն, լեզուաշխարհը անակնկալներով լեցուն է: Օտար եւ հայ լեզուագէտ այրեր գլուխ պայթեցուցին անոր ծագումնաբանութիւնը յայտնաբերելու համար. ապարդիւն: Մինչեւ այսօր չկայ հաստատ եզրակացութիւն: Կան միայն վարկածներ: Հ. Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ը վկայակոչելով՝ տանք քանի մը օրինակներ. «գլուխ» բառը եկած կրնայ ըլլալ հնդեւրոպական նախալեզուի «վել», «վելու» արմատներէն, որոնք կը նշանակեն «ծածկել»: Կրնայ եկած ըլլալ յոյներու «լոֆոս» բառէն, որուն իմաստն է՝ «բլուր», «վիզ»: Այլ կարծիքներ զայն կը կցեն հին սլաւոներէն «գլաւա», ռուսերէն «գոլովօ», լիթուաներէն «գալուա», եւ սումերական «գալ, գալու, գուլու» բառերուն: Վերջինները կը նշանակեն «մեծ, բարձր, բարձրանալ, տէր, գլխաւոր»:
Գրաւոր լեզուի մէջ «գլուխ»ի ոդիսականը սկսաւ անմիջապէս Ե. դարուն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան հետ, որուն բաժանումները «գլուխ» են: Իսկ շնորհիւ մեր մանրանկարիչներու, Ս. Գիրքի ձեռագիրները ունեցան գլուխ գործոց «գլխազարդեր»: Ապա ունեցանք զգլխիչ բառապաշար՝ գլխադիր, գլխանի, գլխապարտ, գլխարկել, գլխիբաց, գահագլուխ, մերկագլուխ, գլխաբաց, գլխագին, գլխածածկ, գլխոսկր, գլխարկ… «Գլուխ»ը պատմութեան դառն օրերուն ազնուութիւնը ունեցաւ մեզի յիշեցնելու հայ ազգի քաղաքական թերութիւնները. ունեցանք «բազմագլուխ» կառավարութիւններ, «գլխատուող» իշխաններ, միջազգային վեհաժողովներէ «գլխիկոր» վերադարձող պատգամաւորներ… Այդ օրերուն հայը մնաց այնպէս, ինչպէս Աւետիք Իսահակեանի նկարագրած ուռին էր թեքուած գետակի վրայ. «Եւ գլուխը կախ՝ նա լաց է լինում»: Ռ. Պատկանեան նայեցաւ լուսինին եւ ըսաւ. «Նորա տխրամած դէմքը նայելիս՝ / Յիշում եմ թշուառ վիճակը ազգիս…, ու շարունակեց, «Մնացի մենակ՝ հոգիս վրդոված, / Ձեռներս ծոցիս, գլուխս քարշ արած»: Նոյն օրերուն Վահան Տէրեան սէր եւ գուրգուրանք դրաւ այդ բարի բառին վրայ. «Երկար մազերդ կ՛արձակես ազատ, / Հիւանդ գլուխդ կը դնես կրծքիս»: Դանիէլ Վարուժանի «հարճը» ապահովութիւն գտաւ ասպետ Տրդատի կուրծքին մէջ. «Թաղեց ասպետին ծոցին մէջ գլուխն ոսկեհեր… Եւ Տրդատի կուրծքին վրայ գլուխը այնքա՛ն սաղմեց՝ / Որ զրահին մէջէն իսկ կը լսէր տրոփը սրտին»: Իսկ օր մը Եղիշէ Չարենց ֆայտոն նստաւ, զուռնան փչեց, քամին անցաւ. «Երթամ – ուրիշ գոզալների գիրկը դնեմ գլուխս տաք՝ / Քո էդ անոյշ, ազի՜զ տեսքով հարբած ըլիմ մինչեւ էգուց»:
Իբրեւ մարդու մարմինի բարձրագոյն անդամ, ուր միտքն է նաեւ՝ «գլուխ» բառը ստացաւ փոխաբերական իմաստներ՝ սկիզբ, իշխան, պետ, միտք, հիմնական, ծայր. վերջինը ներշնչում տուաւ Վահան Թէքէեանին, երբ կը փորձէր նկարագրել, թէ ո՛ւր է Լուսաւորչի Կանթեղը. «…Վերը, հո՛ն, Արագածի գլխուն վրայ»:
Ապա ունեցանք ածանցեալ եւ բարդ բառերու հարստութիւն մը՝ դարագլուխ, ամսագլուխ, տարեգլուխ, զօրագլուխ, հաստագլուխ, պարագլուխ, քաղաքագլուխ, գլխաւոր, գլխաւորել, գլխատուն, գլխատառ, գլխագիր… Աւելին՝ մեր լեզուն ունեցաւ պատկերալից դարձուածքներու հսկայական դրամագլուխ մը. գլուխը՝ կապել, ուռեցնել, ոլորել, իւղել, արդուկել, գլուխը տաքնալ, գլուխը քերելու ժամանակ չունենալ, գլուխ հանել, գլխէ հանել, գլխուն խաղ խաղալ, գլխուն պահապան, գլխուն պայթիլ, գլխուն փաթաթել, գլուխը ողջ ըլլալ, գլուխ գլխի տալ, գլխու պտոյտ տալ… Քանի՞ հատ դարձուածք. ըստ «Հայոց Լեզուի Դարձուածքային Բառարան»ին՝ 600:
1002 թուականին բառը արդէն հասեր էր հայկական գրականութեան գագաթնակէտին: Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գրիչին տակ, «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ անիկա կրկնուեցաւ 35 անգամ, ինչպէս հետեւեալ խոստովանութեան մէջ. «Եւ արդ, կատարեալ է բան քո խնկեալ, եւ ի գլուխ ելեալ անպակաս ի ստուգութենէ՝ առ իմս մոլորութիւն»: 18րդ դարուն, Սայաթ Նովան շարունակեց գովերգել «գլուխ»ը. «Լաւ մարդն էն է՛ գլուխն պահէ աշխարումըս էյթիպարով», «Դուն է՛ն գլխէն իմաստուն իս, խիլքդ յիմարին բաբ մի՛ անի»: Յովհաննէս Թումանեան «Փարուանա» վիպերգին մէջ Կովկասի քաջարի ասպետներուն զգուշացուց «եօթգլխանի դեւերու»ն դէմ: Իսկ Յակոբ Պարոնեանի սրամիտ գրիչը առիթ տուաւ, որ «գլուխ» բառը կուշտ ու կուռ խնդացնէ մեզ. «Արեւելեան Ատամնաբոյժը» թատերախաղին մէջ Տիկին Մարթայի եւ Թափառնիկոսի վիճաբանութիւնն է.
ՄԱՐԹԱ.- Դուն իմ ստակովս մարդ եղար, համբաւ ստացար, հիմա զիս միս մինակ թողլով, գլուխդ կ՛առնես թատրոն կ՛երթաս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ.- Ուրիշ անգամուն գլուխս քեզի կը ձգեմ անանկ կ՛երթամ:
«Գլուխ» բառը նաեւ դարձաւ տեղանուն՝ «Գլխու Աղք», Տիգրանակերտի նահանգին մէջ, Մարտին քաղաքին մօտ բնակատեղի՝ «Գլխու Բերդ», Բաղէշի նահանգի, Մուշ գաւառի Սասունի Մօտկան գաւառակի մէջ բերդ, իսկ մեր հիները Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգին տուին երկրորդ եւ պաշտելի անուն մը՝ «Գլուխ Երկրին Հայոց» կամ «Գլուխ Հայոց Մեծաց»:
«Գլուխ» բառը շարունակեց իր վերելքը մինչեւ 1989ի այն օրը, երբ բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան «Քարէ Բարձ» ժողովածուին համար իբրեւ նախաբան գրի առաւ հետեւեալ քառեակը.
«Մի մեծ գլխի ստուեր,
Մի երկիր է ծածկում,
Եթէ դրուած է նա
Երկրի լոյսի անցքում»:
Եւ այդ օր, աննախընթաց դէպք մը պատահեցաւ. մայր ստուգաբանութիւնը իր զաւակին մասին լսեց դժգոհութիւն, թէ իր բառերէն մէկը չափէն աւելի մեծցեր է եւ ժողովուրդներու գլխուն փորձանք դարձեր է:
Յամենայնդէպս, ստուգաբանութիւնը հպարտանալու պատճառ ունի. այս համեստ բառը՝ հազիւ մէկուկէս վանկ, իր մէջ կուտակած է գլխու պտոյտ տուող պատմութիւն մը, ներառեալ «Աղբիւրի մօտ կացել եմ» երգը, որուն մէջ սիրահար տղան իր եարին հեգնականօրէն կ՛առաջարկէ իր յոգնած գլուխը դնել… դրան քարին:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Աղբիւրի մօտ կացել եմ, եա՜ր, եա՜ր, / Իմ սէրը քեզ բացել եմ, եա՜ր, եա՜ր…
ՏՂԱՆԵՐ.- Աչք ունես եարի վրայ, եա՜ր, եա՜ր, / Ման արի սարի վրայ, եա՜ր, եա՜ր, / Բեզարես՝ գլուխդ դիր, եա՜ր, եա՜ր, / Մեր դրան քարի վրայ, եա՜ր, եա՜ր:
Իսկ բախտաւոր են անոնք, որոնք իրենց յոգնած գլուխը դնելու համար ջերմ ու ապահով տեղ մը ունին. Վահան Տէրեանի համար մօր ծունկն էր անիկա.
«Ձեռներդ մաշուած ու բարակ:
Նայում եմ, մինչեւ որ անզօր
Գլուխս ծնկիդ է թեքւում.
Նորից ես մանուկ եմ այսօր,
Դրախտ է նորից իմ հոգում»:
Մինչեւ յաջորդ հանդիպումը մեր գլուխէն պակաս չըլլայ գլուխ բառը…