
Մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ամուսին մը, հայր մը, ընկեր մը, գլխագիր դաստիարակ մը, բանաստեղծ մը եւ ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ հայորդի մը, որ կը կոչուի Խոսրով Ասոյեան:
Հետեւեալ քանի մը տողերը հազիւ թէ կարենան ցոլացնել ամբողջութիւնը Խոսրովին, որուն իմացական կեանքը եղաւ զոհաբերութիւն ընտանիքին, ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին, Հայ դպրոցին ու հայուն մշակոյթին:
Ծնած էր 1946ին, Սուրիոյ հիւսիսային, Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջանի մը մէջ գտնուող՝ Ամուտա աւանին մէջ: Մանկութեան եւ պատանութեան շրջանը բոլորեց ծննդավայրին մօտակայ Գամիշլի քաղաքին մէջ. Ամուտան եւ Գամիշլին Սուրիոյ այն շէներէն էին, ուր Ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն փրկուած հայեր ապաստան գտան եւ վերականգնեցին իրենց սեփական եւ ազգային, հաւաքական տուները՝ դպրոց, եկեղեցի ու ակումբներ: Խոսրովին հայրն ու անոր քոյրերն ու եղբայրները հրաշքով փրկուած էին Ցեղասպանութենէն, մինչդեռ անոնց հայրն ու մայրը, այսինքն՝ Խոսրովին մեծ հայրն ու մեծ մայրը, այլ հարազատներու հետ, Մալաթիոյ մէջ զոհ գացած էին ոճրագործ թուրքին: Խոսրովը թէեւ Ցեղասպանութիւն չէ տեսած, սակայն մեծ հօր ընտանիքին հասած պատուհասը բառացիօրէն վերապրեցաւ եւ վերապրեցուց իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով:
Նախնական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Գամիշլիի մէջ, ուր փայլուն յաջողութեամբ անցուց պետական Պրեւէի քննութիւնը, ապա նուիրուեցաւ ուսուցչութեան: Դաստիարակները պատանի Խոսրովին եւ հասակակիցներուն փոխանցած էին մեր գրականութեան բարձունքները կերտած գրողներուն վառած ջահը եւ խրախուսած՝ անոր բանաստեղծական շնորհքները: Գամիշլին, ըլլալով քրտաբնակ շրջան, Խոսրովն ու հասակակիցները սորված էին նաեւ քրտերէն. իր գրական առաջին փորձերուն շարքին, քրտերէնի թարգմանած է Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:
Կանուխ երիտասարդութեան, Հալէպէն անցնելով, հասաւ Պէյրութ, ուր լծուեցաւ բազմաճիւղ աշխատանքի: Ընտանիքին ապրուստի հոգերուն մասնակցութեան կողքին, բախեց համալսարանի դուռը, Գամիշլիի մէջ կիսատ մնացած ուսումը ամբողջացնելու նպատակով: Հետեւեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքին եւ վկայուեցաւ արժանաւորապէս: Մինչ այդ, ուսուցչութեան կոչուած էր Պուրճ Համմուտի Նոր Սիս թաղի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ, իսկ երեկոները կը կատարէր երկրորդ գործ մը՝ հաշուապահութիւն, որպէսզի կարենայ որոշ հաւասարակշռութիւն ապահովել ընտանիքի կարիքներուն: Այդ տարիներէն իսկ, իր աշակերտները զինք յարգանքով ու սիրով կոչած են ՊԱՐՈՆ ԽՈՍՐՈՎ: Անոնք գիտէին, որ իրենց ուսուցիչը սովորական «պարոն» մը չէր, այլ բառին ամբողջական իմաստով դաստիարակ մը, որովհետեւ ան, դասարանէն ներս թէ բակին մէջ, զբօսանքի պահերուն, մինչեւ իսկ հեռահաս կերպով իրենց տուներուն մէջ, իրենց փոխանցած էր հայութեան արժէքները, աւանդներն ու մանաւանդ մեր պատմութենէն ու գրական ժառանգութիւններէն իր մէջ կուտակուած գանձերը: Իր աշխատասիրութիւնը գործնական օրինակ էր բոլորին:
Նոյն տարիներուն, այսինքն, Պէյրութի մէջ ուսուցչական ասպարէզ մուտքին զուգահեռ, Խոսրովը ինքնաբուխ կերպով հրապարակ բերաւ իր մէջ նստած բանաստեղծը: Մասնակից եղաւ «Սեւան» թերթի երիտասարդ գրողներու խմբակին, որ համախմբուած էր ծանօթ մտաւորական Սիմոն Սիմոնեանի շուրջ: Կարճ ատեն ետք, 1970ականներու սկիզբը, միացաւ «Բագին»ի խմբագրութեան, հոն ալ անդամ դառնալով Պօղոս Սնապեանի շուրջ խմբուած բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու խումբին: Աշխատակցեցաւ «Ազդակ»ին, աւելի ուշ՝ նաեւ հայկական այլ թերթերու: «Բագին»ին աշխատակցութեան շրջանին, կատարեց նաեւ թարգմանական աշխատանք, արաբերէնէ թարգմանելով հանրածանօթ գրողներէ ստուար էջեր, սակայն իր մէջ Բանաստեղծը մնաց տիրական եւ իրեն ընկերացաւ կեանքի բոլոր օրերուն, մինչեւ իր վաղահաս մահը:
Այդ տարիներէն սկսեալ, ան լոյս ընծայեց շուրջ տասնեակ մը գիրքեր, որոնց մէջ ան սփռեց իր զգացումներն ու ապրումները: Անձնականէ աւելի, անոր գրիչէն բխեցան հայրենասիրական եւ համամարդկային էջեր: Լիբանանի, Հայաստանի, պաղեստինցի ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան բաժին հանուած տագնապները համակեցին զինք, ու ինք դարձաւ դէպքերու անմիջական արձագանգողը: Մեծ հօր ու մեծ մօր ողբերգութիւնը նախերգանքն էին այն էջերուն, որոնցմէ բխեցան Արցախեան պայքարին իր բազմաշերտ արձագանգները, մասնաւորաբար իր վերջին հատորներուն մէջ:
Կարելի չէ արագ անցնիլ Խոսրովի ազգային ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն վրայէն: Հիմա, երբ ան մեկնած է եւ զինք յատկանշող անձնուրացութիւնը, գաղտնասիրութիւնն ու համեստութիւնը կարելի է պահ մը շրջանցել. կը յիշենք անոր կեանքին այս երեսները, որոնք մի՛շտ նախընտրեց պահել շուքի մէջ, որովհետեւ համեստ էր եւ հաւատարիմ Դաշնակցական:
Պատանութեան օրերէն իսկ, ան յարեցաւ հայկական միութիւններու. եղաւ ՀՄԸՄական, Համազգայինի անդամ ու վարչական, սակայն իր գործին ու վաստակին գլխաւոր դաշտը եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն անդամակցեցաւ կանուխ երիտասարդութեան օրերէն: Անդամ էր Պէյրութի «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, ուրկէ՝ Սիմոն Զաւարեանի շունչով ու ոգիով «շրջանաւարտ» ըլլալէ ետք, իր ծառայութիւնները մատուցեց իր բնակավայրի կոմիտէութեանց ճամբով, Նոր Սիսի, Ֆանարի մէջ եւ այլուր:
Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ» կոչուած տարիներու առաջին իսկ օրէն, Խոսրովը զինուորագրուեցաւ հայկական մեր թաղերուն եւ ազգային հաստատութեանց պաշտպանութեան գործին, յաճախ զարմանք պատճառելով ընկերներուն եւ երէց պատասխանատուներուն, որոնք հարց կու տային, թէ գրող-բանաստեղծը ի՞նչ գործ ունի ապահովութեան գործին մէջ: Ան գիտցաւ ո՛չ թէ գրիչի փոխարէն, այլ գրիչի՛ հետ զէնք գրկել, եւ ծառայեց հոն՝ ուր զինք առաջնորդեցին պատասխանատուները, արհամարհելով ամէն տեսակի վտանգ:
1977ին, ընտանիք կազմեց, կեանքի ընկեր ընտրելով Ռիթա Արթինեանը: Պատերազմի այդ դաժան տարիներուն, դէմքը ժպիտով լուսաւորուեցաւ, երբ աշխարհ եկաւ առջինեկը՝ Տիգրանը:
Կարճ ատեն ետք, ու կամքէն անկախ պատճառներով, հարկադրուեցաւ հրաժեշտ տալու Լիբանանին, հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս: Մօտաւորապէս մէկ տասնամեակ ծառայեց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին մէջ, իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ: Հոն ալ շուտով դարձաւ սիրուած ու յարգանք վայելող ուսուցիչ ու պաշտօնակից, հայկականութիւն բաշխող դաստիարակ: Ուսման ծարաւը անոր քայլերը դարձեալ ուղղեց համալսարան. Նորթրիճի համալսարանին մէջ հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման եւ շահեցաւ վկայական:
Անցաւ ազատ ասպարէզ, միացաւ եղբօրը, անոր արհեստանոցին մէջ, շարունակելու համար ապրուստի կարիքներուն հետապնդումը: Միաժամանակ յանձն առաւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ, եղաւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, իր լուման նուիրաբերեց Համազգայինին եւ մշակութային կեանքի այլ դաշտերու: Ս. Նահատակաց եկեղեցին եւս ստացաւ Խոսրովի ծառայութեան լուման, զինք ընտրելով Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ:
Երբ պայթեցաւ Արցախեան պայքարը, Խոսրովը անտարբեր չմնաց հայրենիքի կանչին: Ունէր ընտանիք, մատղաշ զաւակներ, սակայն հայրենի հողն ալ ուժեղ քաշողականութիւն ունէր իրեն համար: 90ականներու սկիզբներուն, որոշ ատեն թողուց ընտանիք ու գործ, գնաց Արցախ ու իր կարելին ըրաւ ծառայելու պայքարին ու զայն իրենց ուսերուն կրողներուն: Այդ բոլորը ըրաւ անաղմուկ, հեռու՝ լուսարձակներէ, այնպէս՝ ինչպէս կը թելադրէր դաշնակցականի իր դաստիարակութիւնը, որուն կերտիչներն էին իր ուսուցիչները, կուսակցական վաստակաշատ գործիչ՝ հօրեղբայրը, ապա նաեւ Լիբանանի մէջ զինք գործի կանչած փորձառու եւ հաւատաւոր ընկերները: Արցախը չմոռցաւ Խոսրովին ծառայութիւնները եւ զինք պատուեց յատուկ շքանշանով մը՝ Արցախի «Մայրութեան» ՀԿի «Մայրական երախտագիտութիւն» մետալով, Արցախի ազատութեան պայքարի կատարած յատուկ ծառայութիւնների համար: Խոսրովը զայն ընդունեց համեստաբար եւ անաղմուկ:
Լոս Անճելըս հաստատուելէն ետք, ընտանիքը ունեցաւ նոր անդամներ: Շողերն ու Փաթիլը բազմապատկեցին Տիգրանին ծնունդով Խոսրովին ու Ռիթային դէմքերուն ծաղկած ժպիտը, անոնց հոգածու աչքերուն եւ բազուկներուն տակ հասակ առին եւ դարձան Խոսրովին ու տիկնոջ հպարտութեան համահաւասար աղբիւրները: «Պտուղը ծառէն հեռու չ՛իյնար» խօսքը մարմնաւորուեցաւ Խոսրովի ընտանիքին մէջ: Ու երբ վերջին շրջանին սկսաւ տագնապիլ առողջական հարցերով, ան վայելեց տիկնոջ եւ զաւակներուն բոլորանուէր գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը: Ափսոս, որ բժշկութիւնն ու ընտանիքին գուրգուրանքը անկարող մնացին զինք հիւծող պատուհասին դիմաց:
Հայաստանն ու Արցախը իրեն համար անգերազանցելի արժէքներ եւ անգնահատելի աւանդ էին: Արցախի մէջ իր ծառայութեան շրջանէն ետք, ան բազմիցս այցելեց հայրենիք, մնաց հաղորդ՝ ընկերներուն եւ հայրենի իրադարձութիւններուն:
44օրեայ պատերազմը շատ ծանր ազդեցութիւն ունեցաւ բանաստե՛ղծ Խոսրովի հոգիին վրայ. ոեւէ հաւատարիմ հայու պէս, ան ալ օրը օրին հետեւեցաւ պատերազմին, խոր տրտմութեան մէջ ինկաւ անոր աննպաստ ելքին ու յաջորդած անբարեյոյս զարգացումներուն պատճառով, սակայն ան մերժեց ընկճուիլ: Հակառակ առողջական աննպաստ վիճակին, ան անցեալ Մայիսին ու Հոկտեմբերին կրկին ու կրկին այցելեց Հայաստան եւ Արցախ, հանդիպումներ ունեցաւ ծառայակից ընկերներու հետ, յարգանքի տուրքը մատուցեց նահատակ ընկերներուն, անգամ մը եւս խոնարհեցաւ Ծիծեռնակաբերդի անշէջ կրակին առջեւ, յիշելով իր ընտանիքին ու ազգին բոլոր նահատակները: Գիտէր, թէ ի՛նչ ընթաց ունէր իր առողջական վիճակը. լուռ հրաժեշտ կու տար ընկերներուն ու հայրենիքին:
Սակայն Խոսրովին կեանքի պատմութիւնը հոս չի վերջանար, որովհետեւ ան որոշած է միախառնուիլ հայրենիքին, ա՛յն հաւատքով, որ հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը յաւերժի ճամբորդներ են, ու ինք պիտի ըլլայ այդ ճամբորդներուն մէկ ուղեկիցը:
Յարգանք իր վաստակին, յիշատակը պիտի մնայ բոլորիս հետ: