ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Արաբներու 1915ը» պատմաբան Էմրէ Ճան Տաղլըօղլուի կողմէ մէկտեղուած ակադեմական յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է, որ լոյս տեսաւ 2021ի Նոյեմբեր ամսուն, Իսթանպուլի մէջ: «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած հատորը նոր տեսլադաշտ մը կը պարզէ Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութեան մէջ: «Նոր տեսլադաշտ» հաստատումով կ՛ակնարկենք թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ ընկերահոգեբանական առանձնայատկութեան:
Սովորաբար երբ կը խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենանք հայոց բարձրավանդակին մէջ տեղի ունեցած կոտորածները եւ տեղահանութիւնը: Աշխարհագրութիւնը քիչ մը եւս ընդարձակելով կը հասնինք Պոլսոյ, Անաթոլիայի արեւելեան քաղաքներուն, Կապադովկիոյ ու վերջապէս Կիլիկիոյ շրջաններուն:
Նման սահմանում մը կը բերենք նաեւ տարեթիւերուն: Մերթ ընդ մերթ կը յիշենք 1895 թուականը, ուր համիտեան գունդեր արդէն իսկ կ՛աւերէին պատմական Հայաստանի գիւղերը ու քաղաքները: Նոյնպէս 1915 թուականն ալ կը դիտուի իբրեւ Ցեղասպանութեան գործադրուած ու աւարտին հասած թուականը: Առաւել անգամ, հազիւ Ա. Աշխարհամարտի տեւողութեան մէջ կը քննարկենք եղելութիւնները:
«Արաբներուն 1915ը» օրակարգի կը բերէ միջինարեւելեան արաբաբնակ երկիրներէ ներս ցեղասպանութեան գործադրման եղանակները եւ անոնց հետեւանքները: Յիշենք որ այդ երկիրները նոյնպէս ենթակայ էին Օսմանեան կայսրութեան եւ հազիւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտով ապրեցան նաեւ ֆրանսական կամ անգլիական «մանտադ»ի (հոգատարութիւն) պայմաններով:
Գիրքի առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ վերապրողներու մասին բերած ծանօթութիւններն է: Դարձեալ ընդհանուր ակնարկով մը կը խօսինք մէկ ու կէս միլիոն զոհուածներու մասին: Այդ գիտելիքին կը յաջորդէ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած ու մինչեւ օրս գոյութիւնը պահելու եւ յարատեւելու մարմաջին մատնուած սփիւռքահայութեան մասին վկայութիւններ: Սակայն կան նաեւ իրենց բնօրրանին մէջ գոյութիւնը ծպտեալ կերպով պահած կամ այլասերած տարրեր: Այս հատուածն ալ դիտումնաւոր կերպով անտեսուած էր հայկական դասականացած պատմագրութեան կողմէ:
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ Հայաստանէն դիտելով «հայկական Սփիւռք» կոչումը առաջին հերթին կը յուշէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ կամ Լոս Անճելես քաղաքները: Ապա կը մտաբերուի Արեւմտեան Եւրոպայի՝ յատկապէս Փարիզի գաղութները: Այս երկուքէն ետք կը յիշուին լաւագոյնս կազմակերպուած Պէյրութի ու Հալէպի համայնքները: Սակայն այս վերջինի անկումէն ետք, որքան ալ բարձր ըլլայ անոնց քաղաքական ու մտաւորական պաշարները, անտեսման ռազմավարութիւնը ալ աւելի զգալի դարձաւ: Հապա Ղամիշլիի, Արաբբունարի, Թել Ապեատի, Աֆրինի այսօր բոլորովին նօսրացած հայ համայնքնե՞րը:
«Արաբներու 1915ը» այս անտեսուած համայնքներու, անոնց պատմական անցեալին մասին վկայութիւններ կը բերէ: Բացի Եիղիթ Աքընի խմբագրած ներածականէն, չորս բաժիններու մէջ կը հանդիպինք տասը յօդուածներու: Գիրքի առաջին բաժինը յատկացուած է Փարիզի «Ընկերային Գիտութիւններու Բարձր Դպրոցի (EHESS) դասախօս Համիդ Պոզասլանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1912-1916, Օսմանեան Կայսրութեան Հայրենիք Ընկալումի Մասին Նշումներ» խորագրեալ յօդուածին:
Երկրորդ բաժնին մէջ կը հանդիպինք երեք յօդուածներու: Նորա Արիսեան «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Արաբերէն Թերթերու Մէջ» խորագրով կը մեկնաբանէ Ցեղասպանութեան արաբական աշխարհին մէջ ընկալման եղանակները: Նորա Արիսեան 2016 թուականէն այս կողմ երեսփոխան է Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ:
«Վախի Քարոզչութիւնը, Պատավի Ազնուականի Մը Գրիչէն Կարդալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ յօդուածի հեղինակն է պատմաբան Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու: Միացեալ Նահանգներու «Սթանֆորտ» համալսարանի մէջ տոքթորական տեսութիւնը պատրաստող Տաղլըօղլու իր այս յօդուածով Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութեան կը բերէ ցարդ անյայտ մնացած վկայութիւն մը:
Երկրորդ բաժնի երրորդ եւ վերջին յօդուածը կը կրէ Սամուէլ Տոլպիի ստորագրութիւնը եւ «Կայսրութեան Ծայրամասի Անապատը» խորագրին տակ կը մատուցէ այս անգամ ոչ թէ մարդկանց, այլ շրջապատի վկայութիւնները:
Գիրքին երրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ չորս յօդուածներ, որոնցմէ առաջինն է «Ցեղասպանութեան Ընթացքին Բռնի Կերպով Արաբներու Հետ Ամուսնացուած Հայ Կիները Ազատելու Խնդիրը», որ գրի առնուած է Աննա Ալեքսանեանի կողմէ: Նարինէ Մարգարեան ուսումնասիրած է «Ամիր Ֆայսալ Պին Հուսէյնի Հայ Գաղթականներու Նկատմամբ Քաղաքականութիւնը 1918-1920 Տարեթիւերուն» նիւթը: Քէյթ Տէյվիտ Ուաթերփոյի յօդուածի խորագիրն է «Յիշել Աշխարհամարտը, Քաղաքացիութեան Փառքը Եւ Պահպանողական Հակազդեցութիւնը»: Բաժնի վերջին յօդուածին մէջ Վիքթորիա Աբրահամեան կ՛ուսումնասիրէ Ֆրանսական մանտադի շրջանին Սուրիոյ մէջ ինքնութեան խնդիրը:
«Արաբներու 1915ը» չորրորդ ու վերջին բաժնի մէջ տեղ կու տայ երկու յօդուածներու: «Մուսա Լերան Հայոց Դիմադրութիւնը, 1939ի Գաղթը Եւ Արաբները» խորագրով Շուլէ Ճան վերապրողներու վկայութիւններու լոյսին տակ կ՛ուսումնասիրէ պատմութեան այս կարեւոր դրուագներէն մէկը: Իսկ Ռաշիտ Խալիտի այս խիստ ուշագրաւ հատորը կ՛եզրափակէ «Ա. Աշխարհամարտի Չսպիացող Վէրքերը՝ Հայաստան, Քիւրտիստան Եւ Պաղեստին» յօդուածով:
Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու հեղինակները ծանօթացնող բաժինով մը կ՛աւարտէ իր գիրքը, որ կը խոստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութեան նոր էջ մը աւելցնել եւ նոր որոնումներու ներշնչում պատճառել: