
Կարգ մը գիրքեր գնահատանքի արժանի են ոչ միայն իրենց բովանդակութեամբ, այլ նաեւ՝ ստեղծման ամբողջ գործընթացով: Այս հաստատումը կ՛ընենք, քանի որ կը տեսնենք, թէ անոնք մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով հասած են ընթերցողին: Այդ տեսակ գիրք մըն է Սերտար Ճանի «Մեծ Մօրս Հեքիաթները» անուն գիրքը, որուն հեղինակը ամենածանր տանջանքներով ծանօթ Տիգրանակերտի բանտէն արձակուելով, 1991ին, Թուրքիոյ համար խիստ դժուար տարեթիւի մը, համարձակեցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրելու: Մահապարտ մըն էր ան ու ամէն օր կը սպասէր այդ պատիժին գործադրման: Բայց յեղափոխականը մահուան ճանապարհին իսկ պիտի մտածէ Թուրքիոյ պետութեան ուրացումով, ժխտումով, սուտով հիւսած պարիսպը փլելու մասին: Երջանկութիւն է տեսնել, որ այդ պարիսպը փլելու ուխտածներու թիւը օրըստօրէ կ՛աւելնայ: Այս գիտակցութեամբ «Ակօս»ի աշխատակից Ատնան Չելիք զրուցեց գիրքի հեղինակին՝ Սերտար Ճանի հետ:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Նախ կրնա՞նք ձեզ համառօտ կերպով ճանչնալ:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- 1961ին ծնած եմ: Հայրս 1920ականներու սկիզբը Գուլփ գաւառի Արաշկա գիւղէն Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) հաստատուած է: 1976ին սկսայ քաղաքականութեամբ զբաղիլ: Ձախակողմեան տարբեր հոսանքներու հետեւելէ ետք ծանօթացայ Իպրահիմ Քայփաքքայայի գործերուն: Շատ տպաւորուած էի 23 տարեկան երիտասարդի մը՝ հանրապետութեան պատմութիւնը եւ քրտական ազատատենչ շարժումը այսպէս մանրամասն ու բովանդակալից ուսումնասիրելէն: 1980ի զինուորական յեղափոխութենէ ետք ԹԻՔՔՕի շարքերէն ներս հայդուկ դարձայ՝ Խազրոյի շրջակայքը: Զինեալ բախումի մը ընթացքին երկու ընկերներս զոհուեցան իմ կողքիս: Ես վիրաւոր ըլլալով՝ զինուորներուն ձեռքը ինկայ: 1983ին մահապատիժ վճռեցին: 1991ին, Էօզալի օրով, ներման արժանացայ ու ազատ արձակուեցայ:
Հայոց կոտորածը Ի. դարու առաջին ամենամեծ ջարդն է: Ցեղապաշտ թուրանական դահիճը գլխատեց գիւղացիներէ, արհեստաւորներէ, քաղաքի բնակիչներէ բաղկացող ամբողջ ժողովուրդ մը: Մարդկութեան թշնամի ազգայնականութենէ մոլորուած խուժանը իր հարազատ երկրին վրայ եւ հազարամեայ մշակոյթ կերտած ազգ մը բնաջնջեց: Այսքան մեծ ու ամօթալի խայտառակութեան գրականութեան նիւթ չդառնալը ուրիշ ամօթ մը պէտք է համարուի:
Միւս կողմէ, ես այս նիւթը գրելու համար անձնական պատճառ մըն ալ ունիմ: Մեծ մայրս կոտորածներու ժամանակ 13-14 տարեկան պարմանուհի մը եղած է: Մեծ հօրս երրորդ կինն է: Կ՛ըսէր, թէ Պիթլիսի հայերէն է: Կը պատմէր, թէ որմնադիր եղբայրը սպաննուած է իր քիւրտ գործընկերոջ կողմէ: Մենք ութ քոյր-եղբայր էինք, եւ մեզ մեծ մայրս խնամեց: 1970ին, երբ մեռաւ, ես հազիւ տասը տարեկան էի: Ան իր գլխէն անցածները կը պատմէր: Արդէն Տիարպեքիրի մէջ շատ կը խօսուէր այս մասին:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Ուրեմն մեծ մօր հեքիաթո՞վ սկսաք գրելու:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- Մահապարտ էի ու ամէն վայրկեան կը սպասէի կախաղանի պահը: Կիսով հայ, կիսով քիւրտ ըլլալով՝ պատասխանատուութիւն կը զգայի այս նիւթին շուրջ: Արդէն 1985էն ի վեր մեծ մօրս պատումները գրական ոճով շարադրել սկսած էի: Բանտին մէջ ունեցայ ուրֆացի, մշեցի, վանեցի քիւրտ բարեկամներ, որոնցմէ եւս լսեցի Ցեղասպանութեան մասին: Նոյն ժամանակ բանտախուցին յատակը կը փորէինք, փախուստի ճամբայ մը բանալու համար: Մենք դեռ այդ փապուղին չաւարտած՝ մեզ ղրկեցին Ատանա՝ Սէյհանի արգելանոցը: Գիրքը հոն աւարտեցաւ:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Գիտէիք Թուրքիոյ մէջ հայկական խնդրի թապու մը ըլլալը, չէի՞ք վախնար:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- Գիրքը երբ տպարան ղրկեցինք, արդէն հացադուլի մէջ էինք: Հացադուլը վերածած էինք մահուան ծոմապահութեան: Ես կ՛երազէի մահանալէ առաջ գիրքը տպուած տեսնել: Արդէն որոշ կանխամիջոցներու դիմած էի: Պատժական օրէնքի 141 եւ 142րդ յօդուածները շրջանցելու համար չէի գործածած «հայ» կամ «իսլամ» բառերը:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- ԹԻՔՔՕի աւանդութենէն կու գաք. այդ կազմակերպութիւնը ի՞նչ մերձեցում ունէր հայկական խնդրին:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- ԹԻՔՔՕն այս խնդրին մէջ շատ յառաջդիմական էր: Ազգային խնդրի մասին մեր բոլոր խորհրդակցութիւններուն կը վիճէինք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ: Թուրքիոյ յեղափոխական կազմակերպութիւններուն մէջ ԹԻՔՔՕն ամենաշատ հայ անդամներ ունեցողն էր: Շարժումին առաջնորդներէն մէկն էր Օրհան Պաքըրը, կամ իրական անունով՝ Արմենակ Պաքըրճըեան: Նոյն տարիներուն Կարպիս Ալթընօղլուն ալ կը հիմնէր ԹԿՓ-ՄԼ անուն կազմակերպութիւնը:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Իսկ ինչպէ՞ս տպուեցաւ գիրքը:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- 1991ին, բանտերուն մէջ ճնշումը համեմատաբար նուազած էր: Յաջողեցայ գիրքը «Ումութ» հրատարակչատուն ղրկել: Շուտով որոշեցին հրատարակել: Բայց ետեւի կողքին վրայ Ատնան Էօզեալչըներ ստորագրութեամբ ծանօթագրութիւն մը կար, որուն մասին հազիւ գիրքը ձեռքս առնելով տեղեակ եղայ: Այդ գրութեան մէջ կ՛անտեսուէր թուրքերուն պատասխանատուութիւնը: Ես որպէս քիւրտ՝ իմ ժողովուրդի ինքնաքննադատութիւնը կ՛ընէի: Բայց այդ ինքնաքննադատութիւնը երբեք չէր արդարացներ ոճիրին գլխաւոր հեղինակը: Շուտով սպառեցաւ առաջին տպագրութիւնը, եւ 1993ին երկրորդ տպագրութիւն կատարուեցաւ: Լսած եմ, որ այդ շրջանին կարեւոր թիւով գիրք Ֆրանսա ղրկուած է:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Ի՞նչ անդրադարձներ լսեցիք:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- Շատ անգամ դրական տպաւորութիւններ լսեցի: Հրանդ Տինք գիրքը կարդալով՝ ինծի հետ ծանօթանալ ուզած էր: Փորձեց հրատարակչատան միջոցով կապ հաստատել, բայց անոնք զիս խնայելով՝ իմ հաղորդակցութեան կապերը չեն տուած իրեն: Աւելի ուշ, երբ լսեցի այս մասին, ես ինքս գացի իր քով, եւ այդպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ տեւեց մինչեւ Հրանդին սպանութիւնը:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Գիրքի բովանդակութեան մասին ալ հարցնել կ՛ուզեմ: Վերջերս ականատեսներու վկայութեամբ հիւսուած բազմաթիւ գիրքեր լոյս տեսան: Բայց քու գիրքիդ մէջ յատկապէս կը շեշտուի սովամահ ըլլալու երեւոյթը: Կը պատմես նաեւ հայդուկներու, յատկապէս գիւղական տարածքներու բնակիչներու դիմադրութեան փորձերը: Այս բոլորը ձեր լսած պատումներուն մաս կը կազմե՞ն:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- Մեծ մայրս յաճախ կը յիշէր սովի տարիները: Մայրս ալ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ապրուած սովը պատմած է: Այդ պատումները զիս այնպէս տպաւորեցին, որ սովն ալ հասարակ մարդոց Ցեղասպանութեան մասնակցելուն խթան եղած է: Իսկ հայդուկներու խնդիրը թերեւս ալ դիտումնաւոր կերպով քողարկուած նիւթ եղած է հայոց համար: Հայերը որոշ ամօթխածութեամբ մը դիտած են այդ խնդիրը: Մինչդեռ ամէն ժողովուրդ կազմակերպուելու եւ ազատութիւն պահանջելու արդար իրաւունքը ունի: Այդ իսկ պատճառով ես յատկապէս կը կարեւորեմ այդ դիմադրութեան ջանքը:
ԱՏՆԱՆ ՉԵԼԻՔ.- Գիրքի հրատարակութենէն ետք բանաւոր պատմութեան եւ յիշողութեան հսկայ մատենաշար մը կայ մեր առջեւ: Դուք ինչպէ՞ս կը դիտէք 1915ի դէպքերուն քիւրտերու մերձեցումը:
ՍԵՐՏԱՐ ՃԱՆ.- Ես չեմ յիշեր քիւրտ մը, որուն հետ այս մասին խօսիմ եւ տարակարծութեան մատնուիմ: Քիւրտերը իրենք իրենց արդարացնել չեն փորձեր: Կը գիտակցին, որ պատահածը ցեղասպանութիւն է եւ այդ իրողութեան հետ կ՛ուզեն առերեսուիլ: Ներկայ դրութեան մէջ քիւրտերը համաշխարհային չափանիշով ժողովրդավարութեան ջատագովը հանդիսացան: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու իրենց կեցուածքն ալ համակրանք կը գոյացնէ: