ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացնելու համար, օսմանեան պետութիւնը դիմած է թուրք հասարակութեան անմիջական մասնակցութեան եւ գործօն աջակցութեան:
Մեծ ծաւալով տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ կան, որոնք կը փաստեն, որ թուրք երեխաները մասնակցած են Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս վկայութիւններն ու տեղեկութիւնները տեղ գտած են մեծ թիւով վերապրողներու եւ օտարազգի ականատեսներու, պաշտօնեաներու եւ կրօնական-միսիոնարական անձնաւորութիւններու յուշագրութիւններուն մէջ:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ թուրք երեխաները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մասնակից դարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան արարքներուն:
Թուրք երեխաները Հայոց Ցեղասպանութեան մասնակցած են երկու կերպով՝ մաս կազմելով ռազմական հաստատութիւններու կամ փողոցային ոճրագործ խումբերու: Միջավայրն ու խմբային համատեղելիութիւնը որոշիչ ազդեցութիւն ունեցած են երեխաներու մասնակցութեան վրայ:
Թուրք երեխաները Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուած են պետական յստակ որոշումով, կազմակերպութեամբ եւ քաջալերանքով: Անոնք ներգրաւուած են ռազմական հիմնարկներու մէջ եւ շահագործուած են իշխանութեան կողմէ, իրականացնելու համար հայերու ջարդերը: 8-15 տարեկան թուրք երեխաներ եւ պատանիներ բռնի հաւաքուած են պետական հրամանով եւ մաս կազմած են թրքական բանակին:
Թուրք իշխանութիւնը գործածած է քարոզչութեան զէնքը՝ յաջողեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ներգրաւելով թուրք հասարակութեան զանազան խաւերը՝ տղամարդիկ, կիներ եւ անչափահասներ, ներառեալ՝ երեխաներ: Թուրք իշխանութիւնները հայերը ներկայացուցած են իբրեւ դաւաճաններ եւ ապստամբներ: Անոնք նաեւ մոլորեցուցած են հասարակութիւնը, թէ հայերը անհաւատներ են, օտարներ են, օսմանեան պետութեան քաղաքացիներ չեն, ինչպէս նաեւ մակաբոյծներ, «ռայա»ներ եւ թափառականներ են: Թուրք հասարակութեան բոլոր խաւերը, ներառեալ երեխաները, ազդուած են հոգեբանական եւ քարոզչական այս արշաւէն, իւրացուցած են բոլոր ըսուածները եւ հետեւաբար, մոռցած են իրենց անհատական համոզումները:
Հայրենիքի գաղափարախօսութեան եւ ազգայնամոլութեան քարոզչութիւնը ունեցած է մեծ դերակատարութիւն: «Թուրքիան միայն թուրքերուն» եղած է թուրք ազգայնամոլներուն հիմնական կարգախօսը: Անոնք համոզած են հասարակութիւնը, որ օսմանցի ժողովուրդը ունի սրբազան պարտականութիւն մը՝ «սրբազան պատերազմ», «ճիհատ»:
Թուրք երեխաները ունեցած են նաեւ թուրք մեծերուն ենթարկուելու եւ մեծերը յարգելու ժողովրդային-ընկերային հասկացողութիւնը:
Թուրք երեխաներու ոճրային արարքները տեղի ունեցած են զանազան խմբաւորումներու մէջ.
1. Թուրք երեխաներ, 6-15 տարեկան, ուղղակի մասնակցած են հայերու սպանութեան: Անոնք զինուած են դանակներով, քարերով, սուրերով, դաշոյններով եւ զէնքերով: Թուրք երեխաներու մասնակցութիւնը եղած է անհատական եւ կամ խմբային նախաձեռնութեամբ: Անոնցմէ մաս մը զինուած է թուրք իշխանութեան կողմէ եւ սպանութիւններ կատարած է իշխանութեան համամտութեամբ եւ հսկողութեամբ: Ուրիշներ մասնակցած են սպանութիւններու՝ անհատապէս եւ երբեմն ծնողներու քաջալերանքով: Հետեւեալ վկայութիւնները լուրջ փաստարկութիւններ են.
– Ուրֆացի վերապրող մը Ուրֆայի կոտորածներու մասին իր յուշագրութեան մէջ գրած է. «Ամէնէն վերջը կու գային 10-12 տարեկան թուրք տղաք, որոնք ձեռքերնին շամփուր, դանակ եւ այլ տեսակ զէնքեր ունենալով՝ գետինը փռուած հայ դիակները կը զննէին, եւ եթէ շնչաւոր կամ ողջ մնացողներ գտնուէին, զանոնք կա՛մ կը մորթէին եւ կա՛մ շամփուրով կը ծակծկէին, որ մեռնին»:
– Վերապրող Ներսէս Մազմանեան վկայած է, որ իրենց գիւղին մէջ չափահաս թուրքեր հայ կնոջ մը ձեռքերը կապած են անոր կռնակին, իսկ մազերը կապած են հողին մէջ խռուած մեծ գամերու, ապա 6-8 տարեկան թուրք երեխաներ յարձակած են անոր վրայ եւ քարերու հարուածներով սպանած են զայն:
– Էնտերէսցի վերապրող Մարտիրոս Պալմեան պատմած է, որ իր թաքստոցի թրքուհի տիրոջ վեց տարեկան երեխան ցոյց տուած է մէջքի դանակը եւ ըսած է. «Շատ ուրախացած եմ երկու կեաւուրներ սպաննելով այս նոր եւ գեղեցիկ դանակով»: Այլ առիթով մը, Մարտիրոսին վրայ յարձակած է ուրիշ թուրք երեխայ մը, որ ըսած է. «Ես գիտցայ որ դուն կեաւուր ես: Տես, այս դանակը նոր գնած եմ կեաւուրներ մորթելու համար»: Թուրք երեխան փորձած է դանակը Մարտիրոսին փորը մխրճել, սակայն չէ յաջողած:
– Մօտկան գաւառակցի վերապրող Մխիթար Հազրոյեան վկայած է, որ 15 տարեկան քիւրտ պատանի մը չորս հայեր գիւղէն դուրս հանած է աշխատանքի պատրուակով եւ հոն ատրճանակով սպաննած է զանոնք:
– Զէյթունցի վերապրող Յովսէփ Բշտիկեան տարագրութեան ճանապարհի իրադարձութիւններու մասին վկայած է հետեւեալը. «Թուրք զինուորները մեր քովէն կ՛երթային: Մէկ էլ թուրք լակոտ մը տեսաւ մեր էշին վրայ, երկու կողմը «հէյբա»ի մէջ դրուած երեք-չորս տարեկան քոյրս ու եղբայրս՝ ամէն մէկը մի կողմ: Էդ լակոտը մի ափ հող գետնից վերցրեց ու շպրտեց եղբօրս երեսին, եղբօրս աչքերը տեղն ու տեղը կուրացան, ինքն ալ վախէն մեռաւ»:
2. Դեռահասներու խմբաւորում. Այս խմբաւորումի երեխաները հալածած են իրենց հասակակից հայ երեխաները եւ տեղի ունեցած են միջխմբային բախումներ: Թուրք երեխաները ոչ միայն հալածած են իրենց հասակակից տղաքը, այլ նաեւ աղջիկները: Բռնագաղթէն ետք հայ տուներու մէջ մնացած անծնողք հայ երեխաները հալածուած են թուրք երեխաներու կողմէ: Այս մասին կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնցմէ յիշենք մէկ քանին.
– Պեհեսնիհայ վերապրող Վահան Համամճեան իր յուշագրութեան մէջ կը յիշէ, որ կոտորածները սկսելէն առաջ, ինք եւ իր ընկերները կը խուսափէին թրքական թաղերէն, որովհետեւ թուրք հասակակից երեխաները իրենց թաղերուն մէջ մեռցնելու աստիճան կը ծեծէին հայ տղաքը:
– Խարբերդցի վերապրող Կարապետ Զարիֆեանի համաձայն, Մեզրէի մէջ թուրք երեխաները կը ծեծէին փողոցը մնացած հայ երեխաները եւ հայհոյանքներով կ՛անպատուէին զանոնք:
– Վերապրող այնթապցի Մարիձա Թութունճեան իր յուշերուն մէջ գրած է իր հօր տեսածը. «Խումբ մը թուրք պատանիներ պարտէզներու մէջ կը հալածէին ցորենի պարկ հագած հայ աղջիկ մը»:
– Ռումտիկինցի վերապրող Գէորգ Եափուճեան, որ քիւրտ ընտանիքի մը մէջ ծառայած է, իր յուշերուն մէջ գրած է. «Մայրամուտին, երբ տաւարը դէպի լերան ետեւ կ՛ուղղէի, երկու թուրք 14-15 տարեկան երեխաներ անակնկալօրէն դէմս ելան եւ վրաս յարձակեցան, բռնեցին զիս եւ լաւ մը ծեծեցին»:
3. Չափահասներու նմանող երեխաներ. թուրք երեխաները փորձած են ընդօրինակել թուրք չափահասներուն արարքները եւ նմանիլ անոնց: Անոնք իրենց վատ վերաբերմունքը, ատելութիւնն ու ծաղրանքը արտայայտած են հանդէպ հայ երեխաներուն: Ահաւասիկ քանի մը վկայութիւններ.
– Մարաշցի վերապրող Բիւզանդ Ճամպազեան պատմած է հետեւեալը. «Կիրակի մը, Մարաշի մէջ, եկեղեցիէն որբանոց կը վերադառնայինք: Ճամբուն վրայ թուրք մանչուկ մը բաւականին լայն շրջագիծով փոս մը կը փորէր: Մեր վարժապետներէն՝ խարբերդցի ազնիւ հայ մը՝ պրն. Նշանը, հարցուց, թէ ինչո՞ւ կը բանար այդ փոսը: Թուրք մանչուկը համարձակութեամբ պատասխանեց. այս փոսը կը բանամ, որ կեաւուրները մէջը իյնան»:
– Դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսըն իր յուշագրութեան մէջ նկարագրած է թուրք երեխաներուն վերաբերմունքը՝ ըսելով. «Երբեք տեսած չեմ կատաղի եւ վայրի տեսք ունեցող նման մարդիկ: Նոյնիսկ իրենց պզտիկ տղաքը իրենք իրենց հասուն մարդու ձեւեր կու տային ու մեր ետեւէն կը պոռային՝ կեաւո՛ւր, քրիստոնեայ շո՛ւն: Անոնք կը հաւաքուէին եւ կը զուարճանային հայերու չարչարանքները դիտելով»: Իսկ Մալաթիոյ մէջ, ան լսած է թուրք տղոց հայերուն ուղղուած հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ամէնքդ պիտի ջարդենք, սպանենք:
– Վերապրող Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան, Չանղըրըի բանտին մէջ, ականատես եղած է համաճարակի հետեւանքով քահանայի մը՝ տէր Սիմոնի մահուան: Ինք եւ բանտարկեալներէն խումբ մը, քահանային դագաղը անշշուկ տեղ մը փոխադրած պահուն, ենթարկուած են թուրք տղոց քարերով յարձակումին:
4. Հայերու դիակները պղծող թուրք երեխաներու խմբաւորում. թուրք երեխաներու կողմէ հայերու դիակապղծութիւնները եղած են տեսակաւոր երեւոյթներով: Ահաւասիկ քանի մը օրինակ.- Յոյն-ֆրանսացի լրագրող Ատոսիտէս, Ատանայի ջարդերու մասին իր գիրքին մէջ յիշած է, որ թուրք երեխաները կը զուարճանային սպանուած հայերուն դիակները ծակծկելով, անոնց աչքերը փորելով եւ սրածայր ցպիկներով անոնց այտերը ծակելով:
– Գերմանացի Վ. Շփիկէր վկայած է ըսելով. «Մարաշէն Ֆերմա ճանապարհին վրայ ես տեսայ գոմաղբի կոյտի վրայ մարդկային գլուխ մը, որ թուրք երեխաները դրած էին որպէս նշանակէտ»:
– Վերապրող Պետրոս Ծատուրեան իր յուշագրութեան մէջ գրած է. «Գանկեր ամէն կողմ. անոնց հետ կը խաղային քիւրտ լաճերը…»:
– Վերապրող Գէորգ Եափուճեան իր յուշերուն մէջ գրած է. «Պակաս չէր բորբոքւում նաեւ մատաղ սրտիս վէրքերը այն ժամանակ, երբ յաճախ ձորերում հանդիպում էինք տանջամահ եղած հայերի կմախքներին, գանկերին, ծնկոսկրներին, ու լակոտները ծաղրանքով ասէին. «է՛յ, քեաֆիր, տե՛ս, տե՛ս, սա քո հօր գլուխն է, կացինով ջարդուած»:
Մոնթրէալ
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Անտոնեան Արամ, «Մեծ Ոճիրը: Հայկական Վերջին Կոտորածները Եւ Թալէաթ Փաշա», Պոսթըն, 1921:
2. Անտոնեան Արամ, «Այն Սեւ Օրերուն», վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985:
3. Անտոնեան Արամ, «Մէկ Ու Կէս Միլիոն Հայերու Ջարդը», Պոլիս, 1921, վերահրատարակուած Պէյրութ 1978:
4. Գրիգորեան Յասմիկ, «Ցեղասպանութեան «Շարքային» Իրականացնողները. Երեխաների Գործառութային Առանձնայատկութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Երեւան, 2014:
5. Էլէկեան Պ., «Աղէտէն Վերապրողներ, Տէր-Զօր», Փարիզ, 1955:
6. Թէքէեան Ա., «Դրուագներ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնէն: Պեհեսնիհայութեան Գողգոթան (1914-1918)», 1956:
7. Ծատուրեան Պ., «Կեանքը, Որ Ապրեցայ»: Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի, թիւ 13, Անթիլիաս:
8. Ճամպազեան Բիւզանդ, «Պատանի Կեանքի Մը Պատմութիւնը»: Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի, թիւ 4, Անթիլիաս, Լիբանան:
9. Ճէյքըպսըն Մ., Օրագրութիւն, 1907-1919, Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1979:
10. Պալապանեան Ս., «Կեանքիս Տաք Ու Պաղ Օրերը: Այնթապ-Քեսապ-Հալէպ», 1983:
11. Պալաքեան Գ. Ծ. վրդ., «Հայ Գողգոթան: Դրուագներ Հայ Մարտիրոսագրութենէն: Պեռլինէն Դէպի Զօր: 1914-1920», Մխիթարեան տպարան, 1922:
12. Սվազլեան Վ., «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ականատես Վերապրողների Վկայութիւններ», Երեւան, 2011,
13. Dadrian V., “Children as Victims of Genocide: The Armenian Case. The Issues of The History and Historiography of The Armenian Genocide”, 2003.