ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արդէն Ապրիլ ամիսն ենք, եւ «շնորհիւ» արագավազ իր օրերուն, շուտով կը հասնինք անոր 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման թուականին, որ մեզի, հայերուս համար, երկրի եւ երկնքի վիշտն է: Ու այս թուականը ամէն տարի, տեսակ մը ծանր շունչ ու հով կը փչէ մեր յիշողութեան վրայ:
Ազգովին երկար կը մտածենք եւ նոյնքան ալ կը յիշենք: Տակաւին մեզմէ շատ քիչեր ալ, կը վերյիշեն, որ 107 տարի առաջ, մեզի, մեր պապենական երկրէն, տուներէն եւ հողերէն դուրս դրին: Մեզ կոտորեցին: Աքսորեցին: Ֆիզիքական շատ ծանր տառապանքներ կրեցինք: Ջարդեցին միլիոն ու կէս նահատակ: Ենթարկուեցանք անմարդկային ամէն տեսակի ցնցումներուն:
Ահա մեր ճակատագիրը:
Ու այս բոլոր բռնութիւններէն, ջարդերէն, զանազան բանակներու դաժան ներխուժումներէն ետք, տոկացինք ու տարիներ յետոյ, սթափելով, լոյս աչքով աշխարհի մայրաքաղաքներու հրապարակներուն վրայ, իբրեւ արդար բռունցք, մեր երիտասարդ մարտիկներու արիւնով եւ կամքով արդարութիւն պահանջեցինք:
Տակաւին բոլորին մտքերուն մէջ թարմ է Արցախեան երկու պատերազմներն ու իրենց արդիւնքները: Յաղթանակ: Սուգ: Աւեր: Փլատակ: Գաղթ: Պապենական հողերու գրաւում: Մնացեալը, բոլորս ալ գիտենք:
Չեմ կարծեր, որ աշխարհի վրայ մեզի պէս իր ջիղերով ապրած ժողովուրդ գտնուի: Այլ խօսքով, ո՛չ ոք մեզի չափ տքնած է: Ո՛չ ոք մեզի չափ տեսած ու համտեսած է պատմութեան դառն ու լեղին եւ մանաւանդ աշխարհի անտարբերութիւնը եւ արդարութեան բացակայութիւնը: Մինչեւ այսօր ալ աշխարհը, միայն չոր «բերանով» կը խօսի մեր մասին:
Այս օրերուն երկար կը մտածենք, թէ ի՞նչ անուն կրնանք տալ այս բոլոր արաքներուն:
Եւ ահա՛, Ուքրանիա, իսկ անդին իրմէ առաջ՝ Արցախ: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ:
Արդէն երկու եւ աւելի ամիսներէ ի վեր այդ Ուքրանիան գրեթէ քար ու քանդ եղած է: Ուքրանացին, դրացի երկիրներ ապաստանած է: Սուգ մահ եւ աւեր ամբողջ իր հողատարածքին: Չմոռնանք, որ նման ռումբերուն եւ ԱԹՍներու հարուածներուն, մենք լաւապէս ծանօթ ենք: Անոնցմէ կրած ենք նաեւ տառապանքի մեծ բաժիններ: Մեզի համար նորութիւններ չեն…:
Բայց նորութիւնը այն է, թէ ամէն օր եւ քսանչորս ժամ կը տեսնենք, կը լսենք Ուքրանիոյ իրավիճակին մասին, որ դարձած է կամ դարձուցած են աշխարհի ուշադրութեան գլխաւոր կեդրոնը: Ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, «Այ. Ֆօն» կամ «Այ. Բատ» միայն Ուքրանիա կը խօսին, անոր համար կ՛երգեն, կը նուագեն:
Տակաւին այս բոլորին վրայ, ի նպաստ Ուքրանիոյ տեղի կ՛ունենան անհաւատալի ու նոյնքան ալ նախանձելի հանգանակութիւններու արշաւներ:
Այսպէս, անհամար նիւթաբարոյական օգնութիւններ, նպաստներ, զէնքերու եւ զինամթերքի արագ եւ անհաշիւ մատակարարում:
Երբեմն դո՛ւն քեզի կը մտածես, ըսելով, թէ երանի՜ մենք ալ ուքրանացի ըլլայինք. շատ հաւանաբար մեր ժողովուրդին եւ երկրին ճակատագիրը տարբեր իրավիճակ պիտի ստանար:
Ծիծաղելի է այս մտայնութիւնը: Խակ տրամաբանութիւն:
Մենք ո՜ւր, ուքրանացին ուր: Մտածողութեան լուրջ պահանջք է պէտք:
Մենք միշտ զոհ ենք եղած: Վեց հարիւր տարի որբ մնացած ենք, ու երկար սպասած՝ մարդկային «արդարութիւն» կոչուած հաստատումին: Անոր համար անիծած ենք մեր լոյսը, մեր ճակատագիրն ու մեր տեսակը:
Յաճախ մուրացկանի նայուածքով ուրիշներու նայուածքները որոնած ենք: Գութի եւ յոյսի մուրացկաններ դարձած: Թափառած ենք երկրէ երկիր: Մնացած ու մանաւանդ երկար սպասած ենք մեծ պետութիւններու դռներուն ու այս իսկ պատճառով դարձանք անոնց ձեռքի խաղալիքը: Ամէն օր Աստուած եւ արդարութիւն փնտռած: Ո՛չ ոք կոչուած է փրկելու մեզ: Ո՛չ մէկը մտահոգ է մեր փոքր ածուին ճակատագիրով: Ընդհակառակը, կ՛ուզեն կլանել մեզ, կ՛ուզեն եւ կը փորձեն կրճատել մեր կարողականութիւնը, մեր տեսակն ու արիւնը:
Իսկ այս օրերուն՝ Ուքրանիան եւ ուքրանացին: Ոչ մէկ բաղդատական կէտ կամ նմանութիւն:
Թէեւ մեր երկրի պատմութիւնը թուրով եւ կրակով շաղուած է, բայց մեր երկինքն ու անհունը կանգնած է մեր լեռներու կատարներուն:
Արցախ եւ Ուքրանիա: Շատ նմանութիւն եւ նոյն ատեն ալ՝ ոչ մէկ…:
Աշխարհը, ուր կ՛ապրինք, ամէն օր կը փոխուի: Ու անհամբեր ամէն օր կը սպասենք, որ գոնէ ձեւով մը մենք ալ իբրեւ ազգ օգտուինք կամ մեզի ալ բաժին իյնայ անոր դրական փոփոխութիւններէն:
Մեր տոհմիկ յատկանիշներուն ներշնչումով է, որ կը շարադրուի մեր պատմութիւնը:
Կը հաւատամ, որ անկախ հայրենիքը մեծ հրաշքներ կրնայ գործել այս մարզէն ներս… եթէ, իր ազգային ջիղը, առողջ եւ կենդանի պահէ…:
Պահը հասած է հասկնալու համար, թէ ան, որ չունի ինքնապաշտպանութեան կամք, կորով, միջոց, նաեւ չունի իրաւունքներու տէրը դառնալու «ախորժակ» եւ կամ պատրաստակամութիւն, պիտի զրկուի խաղաղութեան ձիթենիէն: Այնպէս կ՛երեւի, թէ մենք պարզապէս կը պայքարինք ճշմարտութեան մը համար: Ու այս մէկը մեզի ոչ մէկ տեղ կը հասցնէ: Որովհետեւ…:
Տակաւին կ՛ապրինք հայ ըլլալու դժուար եւ սակայն հաճելի փորձառութիւնը: Մեր ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին սորված է տառապանքի լեզուն եւ սակայն միաժամանակ, իբրեւ հաւաքական ապրում եւ ոգեւորութիւն ժառանգած է արիութեան գաղափարը ու իր ծարաւ հոգիով երազներ հիւսած:
Արդեօ՞ք այս մէկը մոռցած ենք: Չեմ կարծեր:
Բայց լրջօրէն մտածել եւ գործել է պէտք: