Հայ ժողովուրդի կեանքին առանցքը դարձած Ցեղասպանութիւնը եւ անոր մէկուկէս միլիոն նահատակները ամէնօրեայ ներկայութիւն են իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ եւ կը յիշատակուին ամէն առիթով, յատկապէս վարժարաններու կրթական ծրագիրներու ընդմէջէն, որոնք աւելի կը շեշտուին եւ կը ծաւալին Ապրիլ ամսուան ընթացքին:
Արդարեւ, Փասատինա քաղաքի Պլեր Հայկական ճեմարանի կրթական ծրագիրը Ապրիլ ամիսը նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ծանօթացման, շեշտը դնելով պահանջատիրութեան վրայ, այս բոլորին համար օգտագործելով զանազան ծրագիրներ, ինչպէս՝ գրականութիւն, արուեստ, շարժապատկերներ, կայքերու ներկայացումներ եւ եզրափակեց՝ պահանջատիրութեան քայլարշաւով:
Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Ապրիլի յետմիջօրէին. աշակերտները սկսան իրենց արշաւը Պլեր վարժարանէն դէպի Փասատինա քաղաքի Նահատակաց այգին, ուր տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը:
Կարելի չէր չխանդավառուիլ եւ յաղթական զգացումը ու ապրումը չունենալ ի տես աշակերտներուն, որոնք եռագոյն դրօշներ բարձր բռնած եւ իրենց ձեռային աշխատանք կրծքանշանները կրող կուրծքերը հպարտօրէն բարձրացուցած՝ աննահանջ կը քալէին, ժպտուն դէմքերով ու պահանջատէր ոգիով։
Աշակերտներուն ընկերացան Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական պատասխանատու անձնաւորութիւններ, վարժարանի տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ:
Յուշարձանին մօտ աշակերտները միաձուլուեցան հիւրաբար ներկայ գտնուող Փասատինայի «Ուէպսթըր» նախակրթարանի հայ աշակերտներու հետ եւ կանոնաւոր շարքերով, պահուն լրջութիւնը եւ կարեւորութիւնը լաւապէս ըմբռնած, կարմիր մեխակներ խոնարհեցուցին նահատակներու յիշատակին, մինչ խունկի դէպի երկինք բարձրացող ծուխին կը միանար մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակի շարականը՝ «Հրաշացան»ը, որ իր հրեշտակային ձայնով կը մեկնաբանէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհին՝ Մարալ Քիւրտեան:
Կասկած չկար, որ այդ պահուն մեր նահատակներու հոգիները կը թեւածէին նռնենիներով շրջապատուած, ապագայ սերունդի վճռակամութեամբ ամրապնդուած, Հայաստանէն շատ հեռու այդ յիշատակի այգիին մէջ, որ պահ մը վերածուած էր ոգեղէն հայրենիքի:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Փասատինայի Միացեալ վարժարաններու տեսուչը (PUSD superintendent)՝ Պրայըն ՄըքՏանըլտ, Կրթական խորհուրդի նախագահը՝ դոկտ. Էլիզապէթ Փոմէրոյ, վարչական անդամներ եւ երկու մասնակցող վարժարաններու տնօրէններ:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ներկայութիւնը մեր նահատակներու հոգիներուն, ապա խրախուսուած՝ կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի զոյգ քայլերգներու երգեցողութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ Պլեր Հայկական ճեմարանի գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ Խորհրդատու մարմինի ատենապետուհի Մարօ Եագուպեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ երախտագիտութեամբ յիշեց բոլոր ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որոնց ներդրումը եւ քաջալերանքը կը վայելէ ճեմարանը եւ որուն ուռճացումին ու ընդարձակման ականատես ենք:
Ապա ՄըքՏանըլտ աշակերտներուն տուաւ իր պատգամը՝ զարմանք յայտնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեամբ ծայր տուած անմարդկային ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին, որովհետեւ արդարութիւնը չէ հաստատուած աշխարհի վրայ: Ան յորդորեց, որ աշակերտները պահանջատէր ըլլան եւ չվախնան իրենց բողոքի ձայնը մարդկութեան լսելի դարձնելու:
Դոկտ․ Փոմէրոյ եւս ներկայացուց իր մտածումները այս յատուկ օրուան խորհուրդին շուրջ։
Ապա երկու ճեմարանականներ կարդացին իրենց խօսքը՝ արտայայտելով Ցեղասպանութեան իմաստը, պատճառները, հետեւանքները եւ իրենց սերունդի պարտաւորութիւնները:
Ծրագիրը ճոխ էր ոտանաւորներու ասմունքով, որուն նաեւ մասնակցեցան «Ուէպսթըր»ի աշակերտները: Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի սան-սանուհիները յուզախառն ընթերցումներով եւ ասմունքներով իրենց զգացումները արտայայտեցին, իսկ ծրագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» երգի եւ Տէրունական աղօթքի խմբային երգեցողութեամբ:
Այսպիսով, 107 տարի ետք, անարդարօրէն նահատակուած մէկուկէս միլիոն անթաղ նահատակներու ծոռները անգամ մը եւս իրենց բողոքը յայտնեցին աշխարհին, աղօթք վեր առաքեցին առ Աստուած եւ հաղորդուելով նահատակներու աւանդին՝ ուխտեցին շարունակել քալել նախահայրերու ուղիով եւ հաւատարիմ մնալ իրենց փոխանցուած աւանդին՝ ապրելով հայօրէն եւ ըլլալով պահանջատէր մինչեւ արդարութեան հաստատումը:
Պլեր Հայկական ճեմարանը վերջին երկու տարիններուն իր դռները լայն բացած է՝ ընդունելու Լոս Անճելըսի բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու հայ աշակերտները եւ 6էն 12րդ դասարաններու աշակերտներուն կը տրամադրէ միջազգային պաքալորիայի հեղինակաւոր ծրագիր: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ArmenianAcademy.org կայքը կամ դիմել Թալին Նազարեանին՝ (626) 396-5820 ext. 80133 թիւով կամ nazarian.taleen@pusd.us հասցէով։
(Թղթակցութիւնը՝ ճեմարանէն)