Իր նորագոյն շարժապատկերին՝ «Դրախտի Դարպաս»ին, Ամերիկայի մէջ անդրանիկ ցուցադրութեան համար Լոս Անճելըս ժամանած միջազգային փառատօներու մասնակցած բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Երկուշաբթի, 2 Մայիսին այցելեց Փասատինա քաղաքի նորաբաց Հայկական ճեմարանը եւ հանդիպում ունեցաւ անոր աշակերտներուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի եւ Տէրունական աղօթքի միաբերան երգեցողութեամբ:
Արցախի պատմութեան, ներկային ու մշակոյթին նուիրուած բազմաթիւ շարժապատկերներու հեղինակ Ջիւան Աւետիսեան նախ ողջունեց վարժարանի սրահի մէջ համախմբուած աշակերտները, ապա անդրադարձաւ Արցախի ներկային, մարտահրաւէրներուն եւ անոր յուսալի ապագային:

Յիշեցնենք, թէ բեմադրիչը թէեւ ծնած է Գիւմրիի մէջ, բայց ուսանած եւ ապրած ըլլալով Ստեփանակերտի մէջ, ինքզինք արցախցի կը համարէ:
Հիւրը արտայայտուեցաւ իր արուեստին եւ անոր քաղաքական, տնտեսական ու յատկապէս դիւանագիտական ուժին մասին՝ բացատրելով, որ եթէ ճիշդ ուղղութեամբ ու բարձրորակ շարժապատկերներ արտադրուին Հայաստանի մէջ կամ հայերու կողմէ այլուր՝ անոնք կը դառնան հայը աշխարհին ծանօթացնելու լաւագոյն միջազգային միջոցը, ու կը նպաստեն արծարծելու դիւանագիտական հարցեր՝ ի շահ հայութեան: Ան աւելցուց, թէ միջազգային յաջողակ շարժապատկերները նաեւ եկամուտի անուրանալի աղբիւր են բազմաթիւ երկիրներու համար եւ նոյնը կրնայ ըլլալ Հայաստանի պարագային:
Անդրադառնալով 44օրեայ պատերազմին՝ ան ըսաւ, թէ պատերազմի 38 օրերուն ինք Արցախի մէջ էր: Ճակատներու մօտ, դաշտերու վրայ եւ գիւղերու մէջ ինք կատարեց պատկերահանումներ՝ որոնք կատարուածը իր ամբողջ եւ մերկ ողբերգութեամբ կը ցուցադրեն: Ապա ան աշակերտներուն հարցուց, թէ ե՛րբ է որ պետութիւն մը իր զինուորի օգնութեան պէտք կ՛ունենայ: Ինք պատասխանեց այդ հարցումին՝ բացատրելով, թէ երբ պարտուած է քաղաքագէտը, գիտնականը, արուեստագէտը, տնտեսագէտը, դասախօսը, այսինքն երբ թերացած է երկրի ամբողջ համակարգը, զինուորը պէտք է ճակատին վրայ կռուի այդ բոլորի ձախողութիւնները հատուցելու համար: Աւետիսեան ըսաւ, թէ հայ զինուորը չպարտուեցաւ, այլ պարտուեցաւ հայ ազգի թոյլ մտածողութիւնը եւ տկար կեցուածքը, ուստի, ան աշակերտներուն խրատեց՝ նպատակ ունենալ, նպատակ՝ որ բարձր է, ազնիւ ու ազգօգուտ: Աւետիսեան աշակերտներուն յորդորեց ըլլալ լաւագոյն բժիշկը, բեմադրիչը, ուսուցիչը կամ գիտնականը, որպէսզի երկիրը հզօր ըլլայ ու հարցեր լուծելու համար անգամ մը եւս պէտք չունենայ իր զինուոր զաւակը մարտի ուղարկելու: Մեր ազգի քանակական փոքրութիւնը, ըսաւ ան, կը պարտաւորեցնէ, որ իւրաքանչիւր հայորդի ազգային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ծանր բաժին մը վերցնէ իր ուսերուն վրայ:
Խօսակցութեան նիւթերը աւելի ճիւղաւորուեցան ու հարստացան, երբ աշակերտները իր շարժապատկերներու, արուեստի եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ հարցումներով ողողեցին հիւրը:
Այժմ աշակերտները անհամբեր կը սպասեն «Դրախտի Դարպաս»ի ցուցադրութեան թուականի հրապարակման, որպէսզի ամբողջ ճեմարանով լեցնեն սրահը եւ ներշնչուին Աւետիսեանի արուեստով ու գեղագիտական ճաշակով:
Հանդիպումին վերջաւորութեան աշակերտները հիւր բեմադրիչին նուիրեցին շնորհակալական բացիկ ու ծաղկեփունջ մը, ապա ան նկարուեցաւ վարժարանի «Հայկական Անկին»ի մէջ: