
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Իրան «անընդունելի» որակեց Թուրքիոյ կողմէ սահմանային ջուրերու ճամբուն վրայ ամբարտակներու կառուցումը՝ կոչ ընելով սահմանակից երկրին, որ անյապաղ դադարեցնէ այդ գործողութիւնները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով՝ ըսաւ, որ վերջին քանի մը ամիսներուն, այս գծով Թեհրան իր անհամաձայնութիւնը փոխանցած է իր թուրք պաշտօնակիցին՝ աւելցնելով, որ Իրան չորս ամիս առաջ Անգարայէն խնդրած է ջրային հարցերով երկկողմ մարմին մը կազմել՝ մտահոգութիւնները քննելու նպատակով:
Իրան վերջերս յաճախ կը դիմագրաւէ երաշտներ, որոնք մասամբ պայմանաւորուած են կլիմայի փոփոխութեամբ, ինչպէս նաեւ դրացի երկրներուն կողմէ ամբարտակներու կառուցումով: Արաս գետին վրայ կառուցուող թրքական ամբարտակը, Թեհրանի պնդումով, մեծ վտանգ է Իրանի համար: