ՄՈՍԿՈՒԱ, ՔԻԵՒ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթրըզ»․-
Ուքրանիոյ Տագնապին Շուրջ Հակասական Յայտարարութիւններ 9 Մայիսի Առիթով
ՄՈՍԿՈՒԱ, ՔԻԵՒ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթրըզ»․- Համաշխարհային Բ․ պատերազմին ընթացքին Գերմանիոյ դէմ արձանագրուած յաղթանակին նուիրուած 9 Մայիսի տօնակատարութիւններուն ընթացքին հակասական յայտարարութիւններ կատարուեցան Եւրոպայի տարածքին։
Մոսկուայի «Յաղթանակի շքերթ»ին ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ երկու ամիս առաջ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ անմիջական սպառնալիք կը ստեղծուէր․ Քիեւը եւ ՆԱԹՕն յարձակում կը նախապատրաստուէին, ներառեալ ռուսական Խրիմի վրայ, առանց փաստեր ներկայացնելու: Փութին ըսաւ, որ Ռուսիա կանխարգելիչ հակահարուած տուաւ «յարձակում»ին:
«Ռուսիան Արեւմուտքին կոչ ուղղեց ազնիւ երկխօսութեան խելամիտ փոխզիջումնային լուծումներ գտնելու, իրարու շահերը նկատի ունենալու: Ապարդիւն: ՆԱԹՕի երկիրները չուզեցին մեզ լսել», պնդեց ան:
Իր կարգին, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ վերահաստատեց Քիեւին օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները, զօրքերը դուրս բերելու եւ խաղաղ բանակցութիւններու սկսելու՝ աւելցնելով․«Նախապէս եւս Մոսկուա 9 Մայիսը պարբերաբար օգտագործած է Արեւմուտքի մասին սուտեր տարածելու եւ ՆԱԹՕն քննադատելու համար»:
Նաեւ, Ուքրանիոյ նախագահ Վլոտիմիր Զելենսքի պնդեց, թէ շատ շուտով Ուքրանիոյ մէջ յաղթանակի երկու օր պիտի ըլլայ։ «Չկայ աւելի վտանգաւոր բան, քան նենգ թշնամին, սակայն չկայ աւելի թունաւոր բան, քան երեւակայական ընկերը: Ասոնք ուքրանացի մեծ փիլիսոփայ Կրիկորի Սքովորոտայի խօսքերն են… 24 Փետրուարին մենք հասկցանք այս ճշմարտութիւնը: Ասիկա երկու բանակներու պատերազմ չէ, ասիկա երկու աշխարհահայեացքներու պատերազմ է: Այսօր մենք պատերազմի մէջ ենք եւ ոչ ոքի մեր հողէն որեւէ կտոր պիտի զիջինք։ Այսօր կը նշենք նացիականութեան դէմ յաղթանակի օրը եւ ոչ ոքի պիտի տանք մեր պատմութենէն որեւէ կտոր: Այդ օրերուն մենք յաղթեցինք: Հիմա եւս պիտի յաղթենք», ըսաւ Զելենսքի:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օր Ուքրանիոյ վրայ ռուսական յարձակումները շարունակուեցան, իսկ Քիեւ յայտարարեց, թէ ցարդ մօտաւորապէս 26,000 ռուս զինուորներ սպաննուած են Ուքրանիոյ տարածքին տեղի ունեցած ռուսական ռազմական գործողութիւններու ընթացքին։