ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Վերջերս աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութիւնը, որպէսզի իր գործնական աշխատանքներուն առընթեր գտնուի իր հայրենի ժողովուրդի կողքին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած զոհերու յիշատակին։
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը 20-22 Ապրիլին գումարեց իր եռօրեայ լիագումար ժողովը ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ եւ ծրագրեց հայրենի իր անմիջական աշխատանքները։
Կարեւոր այս աշխատանքներու առաջինը հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն վիրաւոր զինուորներու բուժման նպաստող «Ախտորոշման Տարրալուծարան»ի բացումն էր, որ տեղի ունեցաւ 22 Ապրիլին, Հայրենիքի Պաշտպան վերականգնողական կեդրոնին մէջ, մեծ թիւով ՀՕՄուհիներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։
Տարրալուծարանի հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնած են ՀՕՄը եւ One Armenia կազմակերպութիւնը։ Բժշկական խիստ կարեւոր սարքերով օժտուած էական այս սենեակը անուանուեցաւ նահատակ ազատամարտիկ, ՀՕՄի մօտիկ բարեկամ տոքթ. Նորայր (Նորիկ) Շահպազեանի անունով․ անձնաւորութեան մը, որ միշտ եղած էր ՀՕՄի կողքին եւ մասնակցած էր Արցախի պաշտպանական բոլոր մարտերուն եւ հոգացած էր իր զինակից ընկերներու բժշկական կարիքները։
Հանդիսաւոր այս բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Զոյա Քոչարեան, One Armenia կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անահիտ Նազարեան, Վերականգնողական կեդրոնի պատասխանատուներ տոքթ. Արմէն Մուրատեան եւ Հայկուհի Մինասեան։
Բոլոր ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին տարրալուծարանի կարեւորութիւնը քաջարի հայ զինուորներու բժշկութեան մէջ եւ խոստացան միշտ զօրավիգ կանգնիլ անոր։ Ապա, ներկաները ծանօթացան սրահին մէջ տեղադրուած բժշկական սարքերուն եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ հեռացան կեդրոնէն, վիրաւոր հայ զինուորին իրենց օգտակար ծառայութիւնը շարունակելու վճռակամութեամբ։
23 Ապրիլի յետմիջօրէին, ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ հայրենի ՀՕՄի մասնաճիւղերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Եռաբլուր եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար կատարուող հոգեհանգստեան պաշտօնին։ Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Եռաբլուրի մուտքին տեղադրուած անհետ կորած հայ զինուորի յուշարձանին առաջ եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին։ ՀՕՄուհիները ծունկ մը աղօթք կատարեցին եւ խունկ վառեցին հայութեան եւ յատկապէս հայ կնոջ հպարտութիւնը հանդիսացող այն ֆետայիին անթառամ յիշատակին, որ ամուսնոյն՝ Սերոբի կողքին, իր երկու կորիւներով քաջաբար կռուեցաւ յանուն հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։
«Այս Սրբավայրին մէջ կը ննջեն երկու սերունդներ։ 90ականներու քաջարի սերունդը, որ յաղթանակներ պարգեւեց մեզի, իսկ երկրորդը՝ 44օրեայ պատերազմի սերունդը, որ քաջաբար դիմադրելով թշնամիին՝ փորձեց պաշտպանել Արցախը եւ Հայաստանը։ Մենք պարտաւոր ենք շարունակել անոնց կիսատ թողած ազգային պարտականութիւնը, միշտ անթառամ պահելով մեր նահատակներու յիշատակը», շեշտեց դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան։
Այնուհետեւ ՀՕՄուհիները իրենց իտէալը հանդիսացող Սօսէ Մայրիկի շիրիմին շուրջ ոգեւորութեամբ խմբերգեցին «Մենք Ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին» ՀՕՄի քայլերգը եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ազգին ու հայրենիքին։ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին հրաժեշտ տալէ ետք, ՀՕՄուհիները այցելեցին մեր հին եւ նոր նահատակներու շիրիմները ու իրենց հպարտանքը եւ յարգանքը աղօթքով մատուցեցին անոնց։
ՀՕՄուհիներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Պռոշեանի Նահատակաց պանթէոնը, ուր եւս կը ննջեն Արցախի ազատագրական մարտերուն մասնակից մեր հին ու նոր հերոսները։ ՀՕՄուհիները աղօթեցին, խունկ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին մեր նահատակներու շիրիմներուն վրայ եւ մխիթարական խօսքերով զրուցեցին պանթէոնին մէջ գտնուող անոնց հարազատներուն հետ։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց Նորա Սեւակեան, որ վեր առնելով մեր նահատակներու խիզախութիւնը, հայրենասիրութեան ոգին եւ արեան գնով հայրենի հողը պաշտպանելու պատրաստակամութիւնը եւ նահատակութիւնը՝ իր հպարտանքը ու շնորհակալութիւնը յայտնեց նահատակներու մայրերուն, որոնք նման հերոսներ պարգեւած են հայ ժողովուրդին։
Օրը երկար էր եւ յուզիչ, սակայն առաւել հայրենասիրութեամբ լեցուած՝ ՀՕՄուհիները նոյն օրը երեկոյեան մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ջահերով երթին, առանց յոգնութեան մղոններ քալեցին եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ ծաղիկներ զետեղելով՝ յարգեցին յիշատակը մեր սրբացած անմեղ նահատակներուն։
25 Ապրիլին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոն ու ծննդատունը, ուր մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի մանրամասնութիւններուն, բժշկական արդիական սարքերուն, տարուող օգտակար աշխատանքներուն, շնորհաւորեց նորածիններու մայրերը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անձնակազմին, իր տարած բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքներուն համար։ Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց Գիւմրիի «Շիրվանեան» կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն ՀՕՄի եւ ՀԵՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ, ականջալուր եղաւ անոնց գործունէութեան եւ խրախուսեց զանոնք իրենց հայրենանուէր գործունէութեան համար։ Այնուհետեւ անոնք մեկնեցան Չէրքէզի Ձոր, ուր Ծննդատան գլխաւոր բժիշկներուն հետ մտերմիկ ճաշ մը ունենալէ ետք լսեցին անոնց ներկայացուցած ծննդատան ապագայ ծրագիրները եւ օգտակար քննարկումներ ունեցան անոնց շուրջ։
ՀՕՄի մեծ ընտանիքը միշտ պատնէշի վրայ է եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէ իր ժողովուրդին՝ հայրենիքի մէջ թէ դուրս։ Աշխարհացրիւ ՀՕՄը իր օժանդակութեան ձեռքը կ՛երկարէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ ՀՕՄի համար սակայն ամէնէ թանկագինը հայրենիքի կանչն է, որ երբեք անպատասխան պիտի չմնայ, ի գին ամէն զոհողութեան, որովհետեւ ՀՕՄը ծնունդ առած է իր ժողովուրդի ծոցէն, իր իսկ ժողովուրդին ծառայելու համար «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին»։