
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022ին «Սանա»ն հաղորդեց, որ Հայաստանի մօտ Սուրիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան դոկտ. Նորա Մարտիրոս Արիսեան երդում տուաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դիմաց:
Յետ երդման արարողութեան ընթացքին, նախագահ Ասատ ընդունեց դեսպան Արիսեանը եւ շնորհաւորեց զայն՝ ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով եւ թելադրանքներ փոխանցեց:
Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ Մըքտատ եւ Սուրիոյ նախագահական պալատի նախարար Մանսուր Ազզամ: