
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 10 Մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ համագործակցութեան ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններ:
Խորհրդակցութիւններուն մասնակցեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի, Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան հրամանատարական կազմի ռազմական համագործակցութեան ծրագրաւորման եւ իրականացման վարչութեան պետ, գնդապետ Սոքրաթիս Սերվեսի, Կիպրոսի ազգային ջոկատի ռազմավարութեան եւ քաղաքականութեան վարչութեան պետ, գնդապետ Լուքաս Հաճիքոնսթանթինոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմ եւ եռակողմ ձեւաչափերով իրականացուող ռազմական համագործակցութեան ծիրին մէջ նախորդ տարիներուն կատարուած աշխատանքները եւ քննարկուեցան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ միջազգային զարգացումներու վերաբերող հարցեր:
Լեւոն Այվազեան ներկայացուց իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի մէջ ու ընդգծեց տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ ստորագրուեցաւ 2022ին Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ երկկողմամ ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ ռազմական համագործակցութեան գործողութիւններու ծրագիրը (Հայաստանի եւ Կիպրոսի երկկողմ ռազմական համագործակցութեան 2022ի ծրագիրը ստորագրուած է Հոկտեմբեր 2021ին):
Ստորագրուած փաստաթուղթերով կը նախատեսուին քանի մը տասնեակ միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ, որոնք կը ներառեն մարտական պատրաստութեան միջոցառումներ յատուկ նշանակութեան ուժերու, խաղաղապահութեան, ռազմական բժշկութեան, երկրաչափական եւ այլ ոլորտներու մէջ, փորձառութեան փոխանակում տարբեր մասնագիտական ուղղութիւններով, տեղեկատուութեան փոխանակում եւ ռազմական խորհրդակցութիւններ: