
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 10 Մայիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արցախի «Արդարութիւն», ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծաւալած համահայկական Դիմադրութիւն շարժման ընթացքը եւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան շարժման գործընթացներուն մասին:
Միտքեր փոխանակուեցան Արցախի մէջ նկատուող Դիմադրութիւն շարժման զարգացումներուն եւ անոնց կազմակերպուած ընթացք տալուն մասին: