
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաւել քան շաբաթ մը ետք, քուլիսային խօսակցութիւնները կը շարունակուին երկրի պատկան կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, նորընտիր խորհրդարանը «ծանրաբեռնուած» է մէկէ աւելի ժամկէտներու իրագործման նախապատրաստութեամբ: Այդ ժամկէտները հիմնականին մէջ սահմանադրական անխուսափելի քայլեր են, ինչպէս` խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութիւն, կառավարութեան կազմութիւն, աւելի ուշ` յառաջիկայ տարի` քաղաքապետական ընտրութիւններ, եւ կարեւորագոյնը` նախագահական ընտրութիւն Հոկտեմբեր 2022ին: Գաղտնիք չէ սակայն, որ այս ընտրութիւնները կրնան իրականանալ արտաքին, յատկապէս` շրջանային «կողմնացոյցներով»:
Նախքան այս բոլորը սակայն, լիբանանցի պատասխանատուներ յանձնառու են լիբանանցիին ապրուստի, կենցաղային տարրական կարիքներու (հաց, դեղորայք, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ…) ապահովութեան եւ դատական եզրայանգումներու (Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, փտածութեան հետապնդում…) անխուսափելի «պարտականութեան» նկատմամբ: Այլապէս, Լիբանան կրնայ մղուիլ ընկերային-տնտեսական հին, բայց վերանորոգ գահավիժումի եզրին: