
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան, Երեքշաբթի, 24 Մայիսին այցելեց Քաթարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ ընդունուեցաւ դեսպան Արմէն Սարգիսեանի կողմէ։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանատան հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան։
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ բազմաթիւ նիւթերու շուրջ խորհրդակցութիւն եւ քննարկում՝ Հայաստան-Սփիւռք փոխյարափերւթիւնները, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակները, սփիւռքահայ տաբրեր գաղութներու կացութիւնները, Աստուածաշունչի ընկերութեան ծաւալած գործունէութիւնները, Հայ աւետարանական եկեղեցիի առաքելութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ եւ այլ նիւթեր։ Այս առիթով, դոկտ. Ճէպէճեան դեսպանին նուիրեց եւ մակագրեց իր հայերէն երկրորդ հատորը՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ»ը։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ