
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբի փոխնախագահ Կիւնտիւզ Իսմայիլով յայտարարեց, որ կառավարութիւնը նոր մզկիթներ կը կառուցէ Հադրութի, Շուշիի եւ Մատաղիսի մէջ, իսկ Աղտամի եւ Զանգիլանի մէջ գտնուող քանի մզկիթներ կը վերականգնուին։
Ամիսներէ ի վեր հայկական կողմը կ՛ահազանգէ Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն մասին՝ պնդելով, որ ատրպէյճանցիները «վերանորոգման աշխատանքներու» քօղին տակ կ՛աղաւաղեն հայկական եկեղեցիները եւ կոթողները։