ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ծիրին մէջ, եւ համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ, 24 Մայիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի առաջին հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքի ձեւաչափով։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ յանձնախումբերու ծիրին մէջ աշխատանքներ տանելու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու, ներառեալ սահմանային ապահովութեան երաշխաւորման հարցերու շուրջ։
Քննարկուեցան յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր։
Միջպետական սահմանին վրայ հանդիպումներուն զուգահեռ, կողմերը համաձայնեցան յանձնախումբերու հետագայ հանդիպումներու իրականացման համար տարբեր հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ։ Մասնաւորաբար՝ համաձայնութիւն գոյացաւ երկրորդ հանդիպումը ունենալ Մոսկուայի մէջ, երրորդը՝ Պրիւքսէլի։
Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ողջունեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը:
«Ջերմօրէն կ՛ողջունենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին այսօր տեղի ունեցած հանդիպումը` սահմանային յանձնաժողովներուն միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման եւ կայունութիւնը լաւագոյնս ապահովելու վերաբերող քննարկումները յառաջ մղելու նպատակով: Շօշափելի յառաջընթաց է, որ կը յաջորդէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպման», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ ան գրած է Միշէլ։