Կիրակի, 26 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու ամավերջի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ այս միջոցառումը իր ներկայութեամբ պատուելուն համար։

Այնուհետեւ, ամավերջի հանդէսի գեղարուեստական բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախ աշակերտներուն, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչները եւ անոնց ժրաջան աշխատանքը ու անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հայ դպրոցի եւ ուսման կարեւորութիւնը։
Երեկոն փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներով։
Դիւան Առաջնորդարանի
