
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Իտալիոյ հզօրագոյն խումբերէն Միլանի «Ինթեր»ի կազմին մէջ։
«Ա.Էս. Ռոմա»էն 2 Յուլիսին պաշտօնապէս տեղափոխուած 33ամեայ միջնապահը «Ինթեր»ի հետ երկու տարուան պայմանագիր կնքած է։
Նշենք, որ Մխիթարեան դարձաւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը` ակումբին պատմութեան մէջ։ Ֆրանսահայ Եուրի Ճորքայէֆ եւս նախապէս մաս կազմած է այս ակումբին։
Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը «Ինթեր»ի հետ նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2024: Անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 3.5 միլիոն եուրօ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ գերմանական «Քէօլն» ակումբը, որ նախորդ մրցաշարքի աւարտին աղիւսակի 7րդ դիրքը գրաւած էր։ Նախորդ տարեշրջանի երկրորդ հատուածին Սարգիս Ադամեան վարձավճարով հանդէս եկած էր Պելճիքայի «Պրիւժ» ակումբի կազմին մէջ։