ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Հայկական միջազգային բժշկական հիմնարկի փոխնախագահ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բժիշկ Աքիրա Իշիյամայի այցելութիւնը: Վերջինս Հայաստան կ՛այցելէ հիմնարկի նախագահ Սալբի Ագարակեանի հետ, կազմակերպութեան կողմէ աչքերու պատուաստումի ծրագիրի ծիրին մէջ անվճար վիրահատութիւններ կատարելու նպատակով:
Այս առիթով, առողջապահութեան զարգացման գործին մէջ իր ներդրած աւանդին եւ մարդասիրական անխոնջ գործունէութեան համար, բժիշկ-վիրաբոյժ Իշիյամա պարգեւատրուեցաւ վարչապետի շնորհակալագիրով:
Յարութիւնեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Իշիյամային` մարդասիրական նպատակներով պարբերաբար վիրահատութիւններ իրականացնելու եւ Հայաստանի մէջ աչքերու պատուաստումի ծրագիրի զարգացման աջակցելուն համար: