ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ. անոնք անդրադարձան հայ-ռուսական երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն եւ Արցախի իրավիճակին։
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան՝ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանագծման եւ սահմանային պահովութեան հարցերու յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման գործընթացին ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն շուրջ: