ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովը 7 Յուլիսի արտահերթ նիստին ընթացքին, 55 թեր ձայներով, առաջին ընթերցումով ընդունեց Պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ կառավարութեան առաջարկած փոփոխութիւններու ծրարը, որմով վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը, որ Սահմանադրութեամբ զինուորական բարձրագոյն պաշտօնեան է, կը վերածուի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալի, բայց ան չի դառնար նախարարը փոխարինող անձը:
Նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացուց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
«Սա դասեր քաղելու նախագծերի փաթեթ է, որովհետեւ մենք դառը փորձ ունենք, կեանքը ցոյց է տուել, որ շատ հարցերում մենք, թերացումների պատճառով, մեր խնդիրները չենք կարողացել լուծել: Խնդիրն ամենեւին անձերի մէջ չէ, խնդիրը համակարգային է, եւ սա այն ճանապարհն է, որի միջոցով մենք փորձելու ենք համակարգային փոփոխութիւնների գնալ եւ համակարգը դարձնել աւելի սահուն եւ ղեկավարման օղակը դարձնել վերից վար», նախքան քուէարկութիւնը ըսաւ նախարարը:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները ո՛չ նիստին եւ ոչ ալ քուէարկութեան մասնակցեցան։
Յայտնենք, որ բանակի ընդհանուր վերջին հրամանատարը Արտակ Դաւթեանն էր, որ այս տարուան Փետրուարին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն։ Անկէ ետք ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնակատար դարձաւ առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունց, որ կը շարունակէ պաշտօնավարել: Իսկ անկէ մէկ տարի առաջ, ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեան պաշտօնանկ եղաւ, երբ ան եւ 40 բարձրաստիճան զինուորականներ պահանջեցին վարչապետին հրաժարականը: Նիկոլ Փաշինեան այն ատեն եղածը ռազմական յեղաշրջման փորձ նկատեց:
Բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնը յետ պատերազմեան Հայաստանի մէջ թափուր է արդէն հինգ ամիսէ վեր: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ըսաւ, որ նոր պետ պիտի նշանակուի միայն օրէնքի փոփոխութենէն ետք։