28 Յունիսին, նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ գումարուեցաւ սարկաւագաց խորհուրդի հերթական ժողովը:
Սարկաւագաց խորհուրդը, որ կեանքի կոչուեցաւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի ջանքերով, արդէն իբրեւ կայացած մարմին թեմին մէջ կը գործէ շուրջ երկու տարիէ ի վեր։
Օրուան ժողովը բացուեցաւ միասնական Տէրունական աղօթքով եւ խորհրդածութեամբ, որմէ ետք սրբազանին կողմէ անգամ մը եւս շնորհաւորական խօսքեր ուղղուեցան նորոգ ձեռնադրեալ Էնտրու եւ Գէորգ սարկաւագներուն։
Յընթացս ժողովի, առաջնորդին օրհնութեամբ հաստատուեցաւ յատուկ կարգ, որմով առաջնորդանիստ Մայր տաճարի եւ թեմի կարգ մը եկեղեցիներու մէջ Կիրակի օրերուն, յընթացս Ս. պատարագի, առիթ պէտք է տրուի թեմի սարկաւագներուն, որպէսզի իրենք իրենց կրօնական խորհրդածութիւնները կարենան փոխանցել ներկաներուն`օրուան խորհուրդի նիւթին վերաբերեալ, որպէսզի սարկաւագները, բացի Ս. խորանին ծառայութիւն բերելէ, նաեւ հմտութիւն ձեռք բերեն քարոզխօսութեան եւ Աւետարանական պատգամներու մեկնութիւններու մէջ:
Սարկաւագաց խորհուրդը նաեւ առաջարկեց կապեր հաստատել տարբեր թեմերու սարկաւագաց խորհուրդներուն հետ:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկային կազմակերպուելիք շարք մը միջոցառումները եւ ծրագրեր, օրինակ`
– Ուխտագնացութիւններ թեմի տարբեր ծուխեր
– Լրատուի պատրաստութիւն
– Հոկտեմբերին իրականացնել սարկաւագաց ընդլայնուած խոկում, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Դանիէլ եպս. Ֆընտըգեան եւ Մարտիրոս Ա. քհնյ. Չեւեան։
Վերոնշեալ հարցերէն բացի քննարկուեցան նաեւ բազմապիսի այլ հարցեր՝ սարկաւագաց խորհուրդի ապագայի տեսլականին վերաբերեալ:
Դիւան Առաջնորդարանի