2021-2022 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին: Հայ Քոյրերու վարժարանը «Դանիէլեան» սրահին մէջ երեք հանդէսներով նշեց այս տարեշրջանի աւարտը՝ նախամանկապարտէզի, մանկապարտէզի եւ 8րդ աւարտական կարգի աշակերտներուն համար:
Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Յունիսի երեկոյեան, նախամանկապարտէզի 32 սիրասուն մանուկներ 45 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիրով մը հանդէս եկան, ներկայացնելով հետեւեալ երգերու եւ ասմունքի փունջը՝ Small Word, «Հայ Մանուկ», Friends, Come to the party, «Մանկապարտէզում», «Մայրիկիս» եւ «Հայրիկ Սիրուն»: Յայտագիրը իր ճոխութեան գագաթնակէտին հասաւ հայկական շարք մը պարերով: Նախամանկապարտէզի տնօրէնուհին՝ Գարին Փիլաւեան, իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ մանուկներու աճման հիմքը կը դրուի այս փոքր հասակին:
Օրուան յայտագիրը փակեց վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Լուիզա Գասարճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն:
Կիրակի, 19 Յունիսին տեղի ունեցաւ 8րդ կարգի ամավերջի եւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Վարժարանիս տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ շնորհակալութիւն յայտնեց Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերուն, որոնք աշակերտները կը ներշնչեն ապրելու բարոյականութեամբ հարուստ կեանք մը, հիմնուած կարգ ու կանոնի եւ մարդկութեան հանդէպ սիրոյ վրայ: Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք կը համագործակցին եւ կ՛աջակցին ուսուցիչներուն ու ամբողջ անձնակազﬕն: Դոկտ. Թէյէզ շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք անսահման նուիրումով թէ՛ օգնեցին աշակերտներուն, թէ՛ դասաւանդեցին, թէ՛ սիրեցին զանոնք: Ան իր խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ նշեց, որ յոյս ունի լսելու անոնց աւելի բարձր վկայականներուն մասին:

Այնուհետեւ, հայերէնով սրտի խօսք փոխանցեց փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան: «Ճանչցէք ձեր կարողութիւնները, զարգացուցէք զանոնք, ամրապնդեցէք եւ զանոնք դարձուցէք այն ամուր քարը, որուն վրայ պիտի կերտէք ձեր ապագան: Եւ ես վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ քալելով պիտի հասնիք ձեր բոլոր նպատակներուն, եւ ﬔնք ապագային առիթը պիտի ունենանք ուրախանալու եւ հպարտանալու, որ օր մը բոլորդ եղած էք Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտներ», ըսաւ ան: Պոյաճեան խնդրեց իւրաքանչիւրէն, որ հայերէնը դարձնեն իրենց ամէնօրեայ լեզուն, «որովհետեւ առանց ﬔզմէ ամէն մէկուն ջանքին, զայն պահելը դժուար պիտի ըլլայ: Եւ ապագային հայ ընտանիքներ կազﬔցէք, հայ զաւակներ դաստիարակեցէք, որպէսզի հայրենիքէն հեռու այս ափերուն մէջ հայը հայ մնայ: Ինչպէս որ ձեր ծնողները, որոնց շնորհակալ ենք, ձեզ ուղարկեցին հայկական վարժարան, դուք ալ հետեւեցէք իրենց օրինակին», ըսաւ փոխտնօրէնուհին:
8րդ դասարանի խօսք անգլերէնով փոխանցեց Էմմա Մարկոսեան, իսկ Արին Քարազեան՝ հայերէնով: Անոնք երկուքն ալ իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն եւ թէ իրենց ծնողներուն:
Յայտագիրին ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Կիլիկիա»ն, «Ուխտ Արարատին»ը եւ The Road Not Taken-ը:
Հիւր բանախօսն էր վարժարանիս 2006ի շրջանաւարտ տոքթ. Հայկ Այնթէպլեան, որ փայլուն անուն մըն է գիտութեան աշխարհին մէջ: Ան, մէջբերելով իր անձնական փորձառութենէն՝ ըսաւ որ մարդ որքան ալ բարձրագոյն ուսումնարաններ յաճախէ, անպայման ﬔծ սիրով կը յիշէ իր մանկութեան, իր առաջին քայլերուն մէջ իր ձեռքը բռնած եւ ճամբայ ցոյց տուած վարժարանը:

Ապա Լուիզա Գասարճեան իր սրտի խօսքը արտայայտելով՝ ըսաւ., որ վարժարանը ﬕշտ եղած է այն աստղը, որ կը լուսաւորէ ﬕտքերը, կ՛ուղղէ սիրտերը դէպի լաւը եւ կը ներշնչէ հաւատք, յոյս ու սէր՝ այն երեք առաքինութիւնները, որոնք հիմը կը կազﬔն կեանքի արժէքներուն։ Քոյր Լուիզան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչական կազﬕն, իրենց տածած սիրոյն հանդէպ այս մանուկներուն եւ պատանիներուն, անոնց անսահման համբերութեան բոլոր տարուան ընթացքին։
Աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրում, որուն յաջորդեց վկայականներու բաշխումը 15 շրջանաւարտներու:
24 Յունիսին, ուսուցչուհիներ Թամար Հանտեանի, Այանա Համամճեանի եւ Կարինէ Տէր Գէորգեանի պատրաստութեամբ կոկիկ հանդիսութեամբ մը մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին ասմունք, պարեր ու երգեր։ «Հայ Աշակերտին Ուխտը» արտասանելով՝ աշակերտները խոստում տուին սիրել հայրենիքը եւ եկեղեցին ու հպարտ զգալ հայ ըլլալնուն համար: Անոնք այս հանդիսութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական առաջին մանկական աշխարհին, որպէսզի յառաջիկայ տարի անցնին նախակրթարան եւ դառնան Ա. դասարանի աշակերտներ:
Վարձքը կատար, Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազﬕն, որոնց տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքի արգասիքն էին երեք հանդիսութիւնները, որոնցմով եզրափակուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանը՝ դիմաւորելու համար յառաջիկայ նոր եւ խոստմնալից տարեշրջաններ:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)