«Մենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական որեւէ գործողութեան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք, եւ մեր ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ համար յստակ դարձուցինք: Կ՛ընդդիմանանք մասնաւորաբար այն պատճառով, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը պիտի օգտուի այդ արշաւէն, առաւել` նկատի ունենալով անոր մարդասիրական հետեւանքները», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնականի տեղակալ Տանա Սթրոլ՝ աւելցնելով. «Հարցը միայն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն մօտ բանտարկուած «Իսլամական պետութեան» խմբաւորման մօտաւորապէս 10 հազար զինեալներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ Հոլ եւ Ռուժ գաղթակայաններուն մէջ ծայրայեղականութեան եւ շահագործումի վտանգ դիմագրաւող շուրջ 60 հազար գաղթականներուն»:
Նախքան այդ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն դարձեալ յայտնած էր, որ Անգարա պատրաստ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շղթայազերծելու զինուորական նոր գործողութիւն մը, որ որեւէ պահու կրնայ սկսիլ: