ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը իր ճանապարհորդական շարքին մէջ առանձնացուցած է աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններէն 23ը, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստան:
Հայաստանին վերաբերող հատուածը վերնագրուած է «Հայաստանը եւ Մետաքսի ճանապարհը»:
Կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուին Եւրոպայի մէջ լաւագոյն արահետներէն քանի մը հատը:
«Հայաստանը եւ Մետաքսի ճանապարհը» 11օրեայ ճանապարհորդութիւնը կ՛անցնի լաւագոյն երթուղիներով՝ միացնելով ԵՈՒՆԵՍՔՕի պահպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղպատ վանքերը, անցնելով կրաքարային լեռնագագաթներով եւ սաղարթախիտ անտառներով՝ Գեղամայ վայրի լեռներուն մէջ՝ քայլարշաւի, եւ երկրի բարձրագոյն լեռը՝ Արագածի գագաթը բարձրանալու կարելիութեամբ», կը տեղեկացնէ կայանը:
Ցանկին վրայ ներառուած են նաեւ ուղղութիւններ Միացեալ Թագաւորութեան, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Մարոքի եւ այլ երկիրներու մէջ: