
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Ռոբերտ Խաչատրեան 25 Յուլիսին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն Հայաստան տիեզերք պիտի արձակէ իր երկրորդ արբանեակը:
«Երկրորդը լինելու է նոյնպէս նկարներ անող արբանեակ: Ժամկէտներ չեմ կարող ասել, բայց՝ 23 թուականի, 24 թուականի մօտակայքում», նշեց Խաչատրեան:
Հայաստան իր առաջին արբանեակը տիրեզերք արձակեց այս Մայիսին: Ըստ պաշտօնական տեղեկութեան՝ ArmSat-1 արբանեակը պիտի գործէ առնուազն չորս տարի: