Ուրբաթ, 22 Յուլիսի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2»ի աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին վանքը (Պիքֆայա) եւ ստացան Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը:
Աշակերտներուն կ՛ընկերանային Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը:
Վեհափառը ծանօթացաւ «Ամառնային ծրագիր 2»ի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան հայրապետի առօրեային եւ նախասիրութիւններուն վերաբերեալ:
Դպրոցի աշակերտները, բաժնուած «Բ. Կանաչեան», «Արցախ» եւ «Քամանչա» խմբակներու՝ կաթողիկոսին ներկայացուցին «Կիլիկիա» քայլերգը եւ տուտուկով ու կիթառով երաժշտական կտորներ: Հայրապետը բարձր գնահատեց աշակերտներուն աշխատանքը: Այս առիթով, անոնք կաթողիկոսին նուիրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ բարձրացած հայ ժողովուրդին վերածննդեան եւ յարութեան խորհրդանիշ յուշարձանին մոմակերտ օրինակը եւ խմբակներու անունները ներկայացնող արուեստի գործ մը:
Վեհափառին հետ հանդիպումէն ետք, աշակերտները շրջագայեցան Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ. անոնք այցելեցին նաեւ Նահատակաց յուշարձանը: