ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի անդամներ՝ Տարօն Մարգարեան եւ Տիգրան Աբրահամեան Արցախ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցան Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք ուժերուն՝ ՀՅԴի, «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի շուրջ ընթացող գործընթացներու, ապահովական սպառնալիքներու, Արցախի եւ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստանի ու Արցախի համար առաջնային օրակարգ համարուող հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու ներդաշնակութիւնը, որուն գծով թէ՛ խմբակցութիւններու, թէ՛ կուսակցական մակարդակով քաղաքական խորհրդակցութիւնները պարբերական բնոյթ կը կրեն: