
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 27 Յուլիսի կէսօրին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ կազմուած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեանէ, Տիրան Վահրատեանէ եւ Թալին Օրտողլեանէ, այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Նորա Արիսեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն հետ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Նորա Արիսեանի նշանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր դիւանագիտական առաքելութեան:
Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ ներկայացուց համաՀՄԸՄական մարզախաղերուն կարեւորութիւնը՝ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄականները համախմբելու եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու համար:
Իր կարգին, դեսպան Նորա Արիսեան մեծապէս գնահատեց «առողջ մարմինի մէջ առողջ միտք» կերտող ՀՄԸՄի դերակատարութիւնը անցնող առաւել քան 100 տարիներուն ընթացքին: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը հարուստ փորձառութիւն եւ վաստակ ունի տիպար քաղաքացիներու պատրաստութեան մէջ, որովհետեւ միշտ եւ ամէն տեղ անիկա յանձնառու կը մնայ իր նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր»ի գործադրութեան:

Արիսեան հաստատեց, որ Սուրիոյ պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, ՀՄԸՄը գտնուեցաւ պատնէշի վրայ. օժանդակութիւններ բաշխեց, բանակին եւ պետութեան կողքին կանգնեցաւ եւ մինչեւ իսկ նահատակներ տուաւ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման համար:
Այս առիթով ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու յուշանուէրով պատուեց Նորա Արիսեանը: Հանդիպումին երկրորդ մասով, Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան միացան ՀՄԸՄի Սուրիոյ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, որոնք դեսպան Նորա Արիսեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին ծանօթացուցին Սուրիոյ պատուիրակութեան կազմը եւ յաջողութիւնները:
Աւարտին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան ներկայութեամբ, դեսպան Նորա Արիսեան դեսպանատան գլխաւոր սրահին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄի Սուրիոյ պատուիրակութեան բոլոր անդամները: Տեղի ունեցաւ խօսքերու փոխանակում եւ յուշանուէրներու յանձնում: