ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատուծիւն».- Հայկական կողմը հաղորդեց, որ 28 Յուլիսին թէ՛ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ թէ Արցախի մէջ կրակոցներ արձակուեցան հակառակորդին կողմէ:
Նախ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ատրպէյճանական զինուժը 28 Յուլիսի կէսօրին, անկանոն կրակ բացաւ Արցախի երկու գիւղերու ուղղութեամբ, ապա՝ աւելի ուշ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածեց, որ կէսօրին ատրպէյճանցիները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակեցին նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած դիրքերուն ուղղութեամբ:
Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններէն ետք ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրեցաւ. տուժածներ չկան:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական կողմէ շուռջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հրաձգային տարբեր զինատեսակներով անդադար կրակ բացուեցաւ Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկայ համայնքներուն ուղղութեամբ:
Աւելի ուշ ան յայտնեց, որ կրակոցները դադրեցան, գիւղացիները վերադարձան իրենց բնականոն աշխատանքին:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձաւ Մարտունիի այդ զոյգ շրջաններուն ուղղութեամբ ատրպէյճանական կրակոցներուն եւ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի յարձակողական վարքագիծը նպատակ ունի վտանգել բնականոն կեանքը Արցախի համայնքներուն մէջ եւ ահաբեկել քաղաքացիները: Ան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ձեռք բերուած տեղեկութիւնների համաձայն՝ խոցուել է Կարմիր Շուկայ համայնքի բնակիչներից մէկին պատկանող տան պատուհանը, նոյն տան բակում յայտնաբերուել է հրաձգային զինատեսակի 8 փամփուշտ: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանում տուժածներ չկան: Ադրբեջանական կողմի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) վարքագիծը նպատակ ունի խաթարելու բնականոն կեանքն Արցախի համայնքներում եւ ահաբեկելու քաղաքացիական բնակչութեանը: Այս վարքագիծը ցուցադրում է, որ ադրբեջանական ղեկավարութիւնը շարունակում է վարել Արցախի ժողովրդի նկատմամբ ատելութեան, հոգեբանական ու ֆիզիքական բռնութեան կիրառման, Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութիւն: Արցախի ժողովրդի իրաւունքների դիտաւորեալ խախտումների յանգեցնող գործողութիւնների նոյնիսկ կարճատեւ դադարները եւ կեղծ խաղաղասիրութեան դրսեւորումներն Ադրբեջանի կողմից ներկայացուող բեմադրութեան տակտիկական (մարտավարական) մաս են եւ միջազգային հանրութեանը մոլորեցնելու նպատակադրուած ու շինծու վարքագիծ: Միջնորդների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների, ինչպէս նաեւ Արցախում տեղակայուած խաղաղապահների համար առաւել քան յստակ պէտք է լինեն ադրբեջանական կողմի իրական նպատակներն ու ձգտումները եւ ըստ այդմ միջազգային հանրութեան աչքին թոզ փչելու ադրբեջանական ցանկացած գործողութիւն պէտք է ստանայ իրական գնահատական եւ հակազդեցութիւն: Ադրբեջանական իշխանութիւնների յանցաւոր վարքագիծը ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ այսօր որեւէ փոփոխութեան չի ենթարկուել ու շարունակում է հետապնդել նոյն հայատեաց ու ցեղասպան նպատակները»:
Արցախի իրաւապահ կառոյցները իրենց ունեցած տեղեկութիւնները փոխանցեցին ռուս խաղաղապահներուն եւ զօրակազմին:
Ատրպէյճանական կողմը, բնականաբար, հերքեց թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կրակոցներուն մասին հաղորդումները՝ զանոնք «ապատեղեկատուութիւն եւ սուտ» որակելով: