ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հեռատեսիլին դիմաց նստած՝ օրական քաղաքական լուրերու զարգացումներուն կը հետեւիմ. միջազգային լուրերը այնքան ալ զիս չեն հետաքրքրեր, անոնց չափն ու ձեւը, համն ու հոտը շատո՜նց առած ենք արդէն. զիս հետաքրքրողը, առաւելաբար, հայրենի լուրերն են, մեր պետութեան արձանագրած յաջողութիւնները, ապագային իրականացուելիք ձեռքբերումները, նոյնիսկ վերջերս արձանագրուած ձախողութիւններն ու անոնց նկատմամբ բարձրացած ու տակաւին մագլցումներ արձանագրող, պետութեան դէմ ստեղծուած դժգոհ կեցուածքը, որմով ծնունդ առին, բոլորիս համար չսպասուած, աննախընթաց ընդդիմութեան յանդուգն քայլերն ու աղմկալի ցոյցերը…։
Տան չորս պատերուն մէջ գամուած՝ հոգիս կ՛ալեկոծի։ Ամէն ինչ կը տեսնես, կը լսես, բայց ոչինչ կրնաս ընել, մանաւանդ քեզի «շնորհուած» հիւրի կարգավիճակով, իսկ եթէ փորձես կեցուածք ճշդել կամ ձեւաւորել, ժխտելով եղածը կամ արդարացնելով, անմիջապէս կը հրաժարիս․ չէ՞ որ, երկու կողմերն ալ քուկդ են, եւ ուզես թէ չուզես, ամէն դիրքորոշում մէկ կողմ դրած՝ յոգնած ու մտահոգ կը շարունակես հետեւիլ, Հանրապետութեան կամ ֆրանսայի հրապարակէն սկսած, Բաղրամեան պողոտայով անցած, պետական մէկ շէնքի մուտքէն, մինչեւ միւս շէնքի ետեւի դուռը հասած ցուցարարներու խումբին, որ մերթ ընդ մերթ «Զարթի՛ր, լաօ» կ՛երգէ։ Անոնց ընկերանալով, ես ալ կը սկսիմ երգել, երէկ օրօրոցային, իսկ այսօր այլեւս ռազմական քայլերգ դարձած այն երգը, որուն շուրջ վերջերս զանազան յօդուածներով ու գրառումներով, բացի բնագրի բացատրողականէն, ստեղծուեցան թեր ու դէմ կարծիքներ, որոնք անկասկած թերթ կարդալու միօրինակութենէն դուրս բերին ընթերցողը, բայց զիս անհանգստացնելու չափ, պատահեցաւ անսպասելին…
Երբ վերջերս Հայաստանէն սփռուած հաղորդաշարերէն մէկուն ընթացքին, յաճախ ելոյթ ունեցող ճանչցուած աստղաբան մը, հայրենիքի մէջ տիրող կացութեան մասին իր ըրած լաւ ու վատ գուշակութիւններուն կողքին, իր մէկ արտայայտութեամբ, գլուխը շարժելով, հետեւեալը կ՛ըսէր․ «Ելեր «լաօ» կ՛երգեն, «լաօ»ն ինքնին հայերէն բառ անգամ չէ, քրտերէն է, գիտէ՞ք…»։
Հաւանաբար ճիշդ է, քրտերէն բառ կրնայ ըլլար ծագումով, բայց բառին ակո՞ւնքն է կարեւորը։ Կարեւորը՝ զայն հասկնալ, ըմբռնել ու ընկալելն է. չէ՞ որ իւրաքանչիւր բառ իր ծննդեան ակունքը, զարգացման ձեւն ու շարունակուելու ճամբան ունի. բառարաններ բացէ՛ք, հոն կը տեսնէք մեզմէ ուրիշին ու ուրիշէն՝ մեզի գացած ու եկած բառերու ցանկը, որպէս մէկ շառաւիղը այդ «լաօ»ներուն։
Ի գիտութիւն բոլորին ըսեմ, որ «լաօ»ն երկար ատեն գործածուած, իրեն համար ժամանակի ընծայած բացարձակ իրաւունքով, նոր պատկանելիութիւն շահած, այլեւս վէճի նիւթ չէ՝ «լաօ»ն մերն է, իսկ զինք չգիտցողներուն՝ աւելի՛ն, յիշեցնեմ, որ «լաօ»ն մեր պատմութիւնն է։
Անիկա Մշոյ դաշտերուն մէջ ծնող ու Սասնայ լեռներուն վրայ մեծցող, տարիներ գոյատեւած ու տակաւին գոյատեւող, մեր հայրենիքի փրկութեան համար միշտ պայքար մղող Տարօն աշխարհի պատմութիւնն է, վրիժառու ժողովուրդին ձայնն է, որ կ՛ըսէ․
«Զարկեց կայծակ, մթնեց երկինք,
Վատ թուրքին պատեց լաց, Վերի սարէն կ՛իջնէ խումբ մը,
Կ՛իջնէր, կի գէր դէպի ցած»։
Սասնայ լեռներէն դէպի Մշոյ դաշտերը իջնող «լաօ»ական կամաւոր խումբերու մասին է խօսքը, որոնք ըմբոստացած՝ երգեցին ու տակաւին պիտի երգեն զայն, հոգ չէ թէ «Սասնայ ծռեր» կոչուեցան ու մերժեցին երկխօսութեան կամ բանակցութեան համար սպասուած ամէն մօտեցում ու առաջարկ, բայց իրականացուցին, հաւասարապէ՛ս, երէկուան ու այսօրուան քաղաքական կեանքէն ներս ըսուած, ընդունուած ու միշտ կրկնուած ամէնաճիշդ խօսքը՝ «Իրաւունքը զօրաւորինն է»։
Այդպէս է, ու այդպէս ալ պիտի մնայ…
Ուրեմն՝ ՄԻԱՆԱՆՔ, ՈՐ ԶՕՐԱՆԱՆՔ…։
Հայրենիքի մէջ եղած այսօրուան այնքան սարսափելի ու ահաւոր կացութիւնը, բարեբախտաբար, հայրս չտեսաւ. շատո՜նց ձգած, գացած է արդէն, որուն համար քաջ գիտեմ, որ այդպիսով ինքզինքին խնայած եղաւ լսելու, տեսնելու ու ապրելու հայրենիքի հետ կապուած ամէն նեղութիւն ու տագնապ, իսկ ես, «այդ ամէնը տեսած չըլլայի»ի երանութեամբ, հօրս հաշուոյն մասամբ գոհ, պահ մը կը մտածեմ, որ եթէ հրաշքով մը հոս եղած ըլլար, այսօր, արդեօք ի՞նչ պիտի ըսէր… ու ըսելիքը գուշակած՝ իր փոխարէն ու իրեն պէս, այս անգամ իմ կարգիս, կը կրկնեմ այնքան յստակ ձեւով գրուած, տպուած ու ընդունուած խօսքը, անգամ մը եւս յիշելով ու յիշեցնելով, կ՛ըսեմ․
– Առանց Սասունի, Սասունցի Դաւիթ չկայ, առանց Սասունցի Դաւիթի, հայ ժողովուրդ չկայ։