ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Արդէն չորս ամիս է որ պատերազմը կը շարունակուի Ուքրանիոյ մէջ, աւեր ու մահ սփռելով, իսկ աշխարհի տարածքին ինքզինք կը զգացնէ, սպառնալով սովի մատնել Երկիր մոլորակը։
Նկատի ունենալով, որ այս պատերազմը ելած է իր սկզբնական հունէն եւ ռուս-ուքրանական բնոյթէն վերածուած է Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի, ուքրանական հողի վրայ եւ ուքրանացիներու արեան գնով, հարց կը ծագի, թէ անիկա ինչո՞ւ աւելի չընդարձակուիր Ռուսիոյ դէմ ուրիշ ճակատներ բանալու գնով: Չէ՞ որ պատերազմի տրամաբանական օրէնքներէն է գտնել պաշարման ենթարկուած ամրոցին տկար կէտերու բացայայտումը եւ այդտեղէն ներխուժումը։
Ռուսական ամրոցը քանդելու եւ ներխուժելու ամէնէն տկար կէտը իրականութեան մէջ կովկասեան ճակատն է, պարզ այն պատճառով, որ մինչ ուքրանական ճակատի դէմ բուն Ռուսիան է իր անհիւրընկալ տափաստաններով, ցուրտով, ձիւնով եւ միատարր ռուս բնակչութեամբ, որոնք ոգի ի բռին պիտի պայքարին եւ դիմադրեն մինչեւ վերջ, կովկասեան ճակատին կացութիւնը բոլորովին այլ է։
Արդարեւ, թրքական սահմանէն անդին Կովկասն է, որու առաջնագիծին կանգնած է Հայաստանը, որ փոքր յաղթահարելի տարածք է, տրուած ըլլալով, որ աշխարհագրականօրէն պաշտպանական ամուր դիրքային կռուաններ չունի, մանաւանդ որ թիկունքն ալ ուրիշ թրքական պետութիւն մըն է, յանձինս Ատրպէյճանի։
Հայաստան ներխուժման պարագային, թրքական բանակի յառաջխաղացքը գրկաբաց ընդունող երկիրներու շարք մը կայ Կովկասի տարածքին, մինչեւ Ռուսիա։ Արդարեւ Վրաստան յետխորհրդային երկիրներէն առաջինն է, որ ըմբոստացաւ Ռուսիոյ դէմ եւ ցանկութիւն յայտնեց միանալու արեւմտեան ճամբարին, որուն հետեւանքը եղաւ իր տարածքէն որոշ մասերու կորուստը։
Վրաստանէն ետք, Կովկասի մնացեալ մասի բնակչութեան միայն մէկ երրորդը ռուս է, իսկ արեւմտեան մասը, շատ ցանցառ կերպով բնակեցուած է, 40ական թուականներուն անոր բնակչութեան մեծ մասը տեղահանուած ըլլալով Սիպերիոյ տափաստանները, իսկ մնացեալ մասը նահանջած արեւմտեան լեռնային տարածքներ: Այսօր այդ երկրամասին մէջ յիսունի մօտ իսլամ ժողովուրդներ կ՛ապրին, որոնք անցեալ դարու վերջին արիւնալի պատերազմներ մղած էին Ռուսիոյ դէմ։ Այս ժողովուրդները տրամաբանականօրէն իրենց դռները թրքական բանակին առջեւ լայն բանալու պատրաստ պիտի ըլլան։
Իսկ Կովկասը հատելէ ետք, ներխուժող բանակը հասնելով ռուսական բուն տարածք, հեշտօրէն կրնայ միանալ կամ դիրքաւորուիլ Ուքրանիոյ թիկունքին:
Հետեւաբար ինչն է պատճառը, որ կովկասեան ճակատը համեմատաբար խաղաղ է ու չկայ ռուսերու դէմ ուղղակի առճակատում։ Հաւանական պատճառները կրնան ըլլալ հետեւեալները․
1․ Ուքրանիան ինքն է, որ անկախ քաղաքականութիւն վարելու որոշումը առնելով առիթ տուաւ այս պատերազմին։
2․ Արեւմտեան ճամբարին մաս կազմող սահմանակից Թուրքիան, Ռուսիոյ հետ պայմանաւորուելով, Արցախեան վերջին 44օրեայ պատերազմին ուղղակի եւ անուղղակի մասնակցութեամբ, ապահովեց Արցախի տարածքի մեծ մասին Ատրպէյճանի վերադարձը, մինչ Ռուսիա, երեսուն տարուան բացակայութենէ ետք, խաղաղապահներու անուան տակ վերադարձաւ Ատրպէյճանի տարածք:
3․Համեմատած ուքրանական ճակատին, կովկասեան լեռնաշխարհի բարդ եւ դժուար անցանելի է յառաջացող հետեւակային զօրքերու համար։
4․ Չափազանց նեղի մատնուած Ռուսիան միջուկային զէնքի օգտագործման վերջին միջոցին դիմելու հարկադրանքին առջեւ կրնայ գտնուիլ, ինչ որ աղէտ պիտի ըլլայ բոլոր մարդկութեան համար:
5․ Թրքական ռազմական գործողութեան մը առջեւ կանաչ լոյսի չգոյութիւնը Արեւմուտքին կողմէ, զգուշանալով նման գործողութեան մը հետեւեալ հետեւանքներէն․
Ա․ Թուրանական աշխարհի մը ստեղծումը, որ կրնայ բոլորովին նոր աշխարհակարգի դէմ յանդիման դնել մոլորակը, որուն պատրաստ չեն ոչ Արեւմուտքը, ոչ Չինաստանը, ոչ ալ Հնդկաստանն ու Իրանը։
Բ․ Իրանի արդէն իսկ բարձրաձայնած վճռական հակադրութիւնը իր հիւսիսի ճանապարհի փակման դէմ, եւ այդ գծով Իրանի դաշնակցութիւնը Ռուսիոյ հետ։
Գ․ Ռազմական գործողութիւններու պարագային, Եւրոպան մատակարարող կենսական ուժանիւթի հորերու եւ խողովակներու վտանգուիլը, որ կրնայ Արեւմուտքը բոլորովին զրկել այդ սեւ ոսկիէն։
Այս հանգամանքներու բերումով է, որ հաւանաբար ներկայիս աշխուժ դիւանագիտական գործունէութիւն սկսած է մեր տարածաշրջանին մէջ, որուն մէջ ընդգրկուած են բոլոր կողմերը, ներառեալ Իրանը, Ամերիկան, Եւրոպան, Թուրքիան եւ Ռուսիան։
Ո՞ւր ենք մենք եւ ինչ է մեր դերակատարութիւնը այս բարդ իրադրութեան մէջ։ Դժբախտաբար ոչ մէկ դերակատարութիւն ունինք այժմ, ու մեզի կը մնայ յուսալ, որ մեր աշխարհագրական դիրքը, մեր հիմնական դաշնակիցը կ՛ըլլայ, ինչպէս եղած է հազարամեակներու ընթացքին, մեզ շրջապատող կողմերուն մեծամասնութեան համար ձեռնտու ըլլալով։ Կրնանք պատուար մնալ շրջանին մէջ հակամարտող գերպետութիւններուն միջեւ։
Մենք կրնայինք մեր դերակատարութիւնը որոշ չափով զգալի դարձնել միայն այն պարագային, եթէ մեզի շնորհուած համեմատական խաղաղութեան երեսուն տարիներուն նպատակաուղղուած եւ հեռատես ըլլայինք, անցեալի դասերէն օրինակներ քաղելով լծուէինք հնարաւորինս կազմակերպուելու, մեր պետութիւնը դարձնելու նուազ խոցելի եւ նուազ կախեալ ուրիշներէ, սորվէինք նոյնիսկ մեր թշնամիներուն վարած հեռատես եւ արդիւնաւէտ քաղաքականութենէն եւ վճռականութենէն։
Մեր զոյգ հարեւաններու խելամիտ, հեռատես եւ արդիւնաւէտ քաղաքականութեան հետեւանք էր մեր արեւելեան կողմի երկրի ռազմական գերակայութիւնը, մեզի հետ համեմատած։ Նմանապէս մեր արեւմտեան հարեւանի` Թուրքիոյ, անցեալ դարու «հիւանդ մարդ»ու կարգավիճակէն բարձրանցումը եւ վերածուիլը հզօր պետութեան մը, այն աստիճան, որ անցեալ դարու վերջերուն, ամերիկացի քաղաքական տեսաբան, փորձագէտ եւ մտաւորական Ճորճ Ֆրիտմըն, իր The Next One Hundred Years գրքին մէջ, Թուրքիոյ մասին բարեբախտաբար ցարդ չիրականացած կանխատեսումներուն մէջ կ՛ակնկալէր, որ անիկա քսանմէկերորդ դարու առաջին կիսուն, իր տնտեսական եւ մշակութային ազդեցութիւնը տարածէր ոչ միայն Միջին Ասիոյ թրքալեզու երկիրներուն մէջ, այլ նաեւ ռազմական ներկայութիւնը՝ Կովկասի մէջ մինչեւ Ռուսիոյ սահմանները։
Յուսանք, որ այդ կանխատեսումները երբեք իրականութիւն չեն դառնար, սակայն միայն յուսալը, անձնատուութիւն է: Պէտք է զգաստանանք եւ պատրաստուինք ամէն հաւանականութեան: