Արեւմտահայերէնի՝ լեզուի եւ մշակոյթի, կենսունակութիւնը կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի գործունէութեան կորիզը։ Մեր կայքէջը պարտի արտացոլել այս մօտեցումը՝ ներկայացնելով հայերէնը բրեւ ստեղծագործութեան, արհեստավարժ գործունէութեան եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ամիսներու պատրաստութենէ ետք, մեր երկլեզու կայքէջը արդէն կազմուած է եւ կը գտնուի հասցէին։
Հայերէն կայքէջի պատրաստութեան համար աշխատեցանք եւ դիմեցինք ծրագրաւորողներու, տառանկարողներու, թարգմանիչներու, խմբագիրներու եւ պատկերազարդողներու։Մեր նպատակն էր՝ ունենալ հայերէն կայքէջ մը որ չի զիջիր անգլերէնին եւ ունի նոյն առաւելութիւնները եւ յատկանիշները։
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնարկութենէն)