ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները ուշադիր կը հետեւի Արցախի զարգացումներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հետագայ սրացումէն խուսափելու համար։ Այս յայտարարութիւնը կատարեց ԵԱՀԿի մէջ ամերիկեան առաքելութիւնը:
ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդին մէջ տարածուած փաստաթուղթին մէջ Ուաշինկթըն դարձեալ կ՛ընդգծէ Արցախի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման կարեւորութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Արցախի շուրջ բուռն մարտերու, անոնց պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ մարդկային կորուստներուն մասին հաղորդագրութիւններուն գծով», կը նշուի ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու հաւատարմատար Քորթնի Օսթրիանի յայտարարութեան մէջ:
Ան դիտել կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգները դարձեալ կը հաստատէ, որ պատրաստ է համագործակցելու երկկողմ ձեւաչափով, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ օգնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման: