ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ պիտի հաստատուի Իրանի տարածքով: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ունի այլընտրանքային ճամբայ Արաքս գետով` շրջանցելով Հայաստանը: Այդ նպատակով, ըստ Իրանի հետ պայմանաւորուածութեան , Պաքու արդէն սկսած է Արաքս գետի վրայով առաջին կամուրջի կառուցումը», նշեց ան։
Պայրամով նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը՝ ընդգծելով, որ Պաքու, ամէն պարագայի, երթեւեկի հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ:
Ան նշեց, թէ «պարզապէս Հայաստանին կարելիութիւն տրուած է, որ դուրս չմնայ տարածաշրջանային համագործակցութենէն, եւ եթէ Երեւան սխալ որոշում տայ, ինքնիրեն պիտի վնասէ»: