ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի օր, գրաւեալ Կազայի մէջ հաստատուած զինադադարէն մէկ օր ետք, իսրայէլեան ուժերը գրաւեալ Արեւմտեան ափի Նապլուս քաղաքին մէջ սպաննեցին երեք պաղեստինցիներ եւ վիրաւորեցին քանի մը տասնեակ ուրիշներ, կասկածելի մը ձերբակալելու գործողութեան մը ընթացքին։
Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ իրականացած զինադադարի համաձայնութենէն առաջ, Կազայի մէջ տեղի ունեցած զինեալ գործողութիւններուն պատճառով սպաննուած էին առնուազն 47 պաղեստինցիներ, ներառեալ՝ 16 մանուկներ եւ 12 զինեալներ։
Զինադադարէն առաջ, պաղեստինեան դիմադրութեան «Իսլամական Ճիհատ» կազմակերպութեան զինեալ թեւը` «Սարայա Քուտս»ը, յայտարարեց, որ ռմբակոծած է բռնագրաւուած Երուսաղէմը եւ իսրայէլեան Ստերոթ բնակեցման վայրը, իսկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը հրթիռներ արձակեց Թել Աւիւի եւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի ուղղութեամբ` նշելով, որ արեւմտեան Նեկեւի, Ետ Մորտախայ, Նեթիֆ Աթսարա, Շաար Հանիկիւ եւ այլ բնակեցման վայրերու մէջ ահազանգ հնչեց: Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ երեք պայթումի ձայներ լսուեցան:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան ընթացքին Կազայէն բռնագրաւեալ հողերու ուղղութեամբ շուրջ 600 հրթիռներ արձակուեցան: