«Պայքար» ընկերութիւնը մտադիր է Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար» տեսակի անօդաչու թռչող սարքերու գործարան կառուցել: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին խօսեցաւ Թուրքիոյ մօտ Ուքրանիոյ դեսպան Վասիլի Պոտնար, ըստ որուն, «Պայքար»ը Ուքրանիոյ մէջ արդէն ստեղծած է ընկերութիւն մը եւ կառուցման համար հողամաս մը ձեռք բերած է:
«Պայրաքտար»ներու արտադրութեան պիտի մասնակցին շարժիչներ, անիւներ եւ պահեստամասեր արտադրող ուքրանական ընկերութիւնները:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներու վերջին հանդիպումէն առաջ Էրտողան ըսած էր, թէ «Վլատիմիր Փութին կ՛ուզէ համագործակցութիւն հաստատել «Պայքար» ընկերութեան հետ»: Սակայն աւելի ուշ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան ծրագիր չեն քննարկած:
«Պայքար» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հալուք Պայրաքտար «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին ըսաւ, որ կը սատարէ գերիշխանութեան եւ անկախութեան համար պայքարող Ուքրանիոյ եւ երբեք պիտի չարտօնէ այդ անօդաչու թռչող սարքերը վաճառել Ռուսիոյ:
Ուքրանիոյ բանակը 2021էն սկսեալ կը ստանայ թրքական «Պայրաքտար»ները:
Նշենք, որ «Պայքար» ընկերութեան համասեփականատէր Սելճուք Պայրաքտար Էրտողանի փեսան է: