Այս տարուան ՀՄԸՄի 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Յաղթանակի պարահանդէս»ը կրցաւ իրականացնել իր վրայ դրուած յոյսերը, հանդիսանալով ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ դրամահաւաքի ամէնէն յաջող ձեռնարկը։
«Պեվըրլի Հիլթըն»ի «Միջազգային պարասրահ»ին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 700 անձեր, միասնաբար տօնելու համար Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութիւնները։
ՀՄԸՄի սկուտներուն կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութենէն ետք կատարուեցան Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգեները՝ ՀՄԸՄական Եւանա Գրիգորեանի կողմէ։
Հանդիսավարն էր Չարլի Կալեան, իսկ բացման խօսքը արտասանեց «Յաղթանակի պարահանդէս»ի յանձնախումբի անդամ Քեթի Սիմոնեան. օրուան գլխաւոր մրցակաները բաշխուեցան ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի կողմէ։
Այնուհետեւ ներկաները հաճոյքով դիտեցին ՀՄԸՄի զանզան նախաձերնութիւններուն նուիրուած կարճ տեսանիւթեր, որոնց շարքին էին՝ մարզական եւ սկուտական աշխատանքներու, «Հրաշք»ին եւ Թեքուիա բանակավայրին մասին նիւթեր։
Երեկոյի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մէջ բացայայտ էր ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին, ինչպէս նաեւ կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատանքին կենսական ազդեցութիւնը անոր անդամներուն եւ ծրագիրներուն վրայ։
Ձեռնարկին ընթացքին, յայտնի բարերար եւ գործարար Վարանդ Մելքոնեան պաշտօնապէս ստացաւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսը, ՀՄԸՄին երկար տարիներու օրինակելի իր նուիրումին համար։ Ան իր ելոյթին մէջ յոյժ կարեւոր նկատեց ՀՄԸՄի մէջ գործող տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներուն միջեւ գործակցութիւնը, զայն ՀՄԸՄը հայապահպանման եւ «առյաւետ» կազմակերպութեան վերածելու գլխաւոր ազդակը համարելով։
Նաեւ, տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններ ձեռնարկին ընթացքին պաշտօնապէս դարձան ՀՄԸՄի 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահները։ Այս պատիւը ստանալու ընթացքին, ամոլը յոյժ կարուոր նկատեց ՀՄԸՄի մատուցած ընկերային սպասարկութիւնները, որոնցմէ գլխաւորը նկատեցին հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ հայկական ինքնութեան հետ կապերուն ամրապնդումը, յոյս յայտնելով, որ «անցեալի սերունդներէն եկող լոյսը կը շարունակէ ճառագայթել, փայլուն ապագայ մը ապահովելու համար»։
Մրցանակաբաշխութենէն ետք, ներկաները վայելեցին «Էլի՛զ» նուգախումբի կատարումները։
Այսպէսով, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կրցաւ յաջողութեամբ պսակել 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը, շարունակելով տասնամեակներ առաջ իր սկսած առաքելութիւնը։
«ՀՄԸՄը հպարտ հայերու ընտանիք մըն է, որուն նպատակն է լաւապէս դաստիարակել ապագայ սերունդը, մարզական, սկաուտական եւ ընկերային այլ նախաձեռնութիւններու միջոցաւ», կը յայտնէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ Յակոբ Թիւֆէնքճեան՝ աւելցնելով, որ համաճարակին պատճառով երկու տարուան պարտադիր դադարէն ետք, այս յաջող ձեռնարկը ՀՄԸՄի աւադութիւններով հարստացուած փայլուն ապագայի մը յոյսերով կը լեցնէ շրջանի հայութիւնը։
Իր կարգին, «Յաղթանակի պարահանդէս»ի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեան աւելցուց, թէ «Յաղթանակի պարահանդէս»ը հոյակապ առիթ մըն էր տօնելու ՀՄԸՄի արձանագրած յաջողութիւնները եւ անոր ներդրումները՝ շրջանի հայութեան բարգաւաճման ջանքերուն մէջ, որոնք պիտի նպաստեն հայկական ժառանգութեան եւ մշակոյթի երկարակեցութեան։