


ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 7 Օգոստոսին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Սուրբ պատարագին հանդիսապետեց, սրբալոյս նոր Միւռոնով ջրօրհնեց եւ սրբապատկերներու օծում կատարեց, ապա աւուր պատշաճի քարոզեց: Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած սրբալոյս այս Միւռոնով կատարեց ջրօրհնէքը, ապա ներկայ հաւատացեալները խրախուսեց՝ իրենց տուները տանիլ օրհնուած ջուրէն, մաղթելով, որ «ո՛վ որ խմէ անկէ՝ ստանայ հոգիի, միտքի եւ մարմինի բժշկութիւն, Տէրը շնորհներ պարգեւէ բոլորին` իրենց բարի մտածումներուն համաձայն, յո՛յս նուիրէ ապագային համար, սէ՛րը շատցնէ մարդոց ներսիդին, որպէսզի երբ մարդիկ իրարու աչքերու մէջ նային, հոն տեսնեն ներկայութիւնը Յիսուս Քրիստոսի»:
Նոյնքան սրտառուչ էր նաեւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը, զոր առաջնորդ սրբազանը կատարեց աղօթքի եւ շարականներու երգեցողութեամբ:
Թորգոմ եպիսկոպոսի պատգամը խարսխուած էր Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ կարեւորութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ մարդուն կեանքին մէջ, երբ հաւատքը շատնայ, մարդը կը դառնայ աւելի գիտակից, լուսաւոր ու ամբողջական: Ակնարկելով Յոյսին՝ սրբազան հայրը նշեց, որ յոյսը կեանք է, եւ երբ մեր յոյսը դնենք Աստուծոյ վրայ, մեր ուժը կ՛աւելնայ, կը զօրանանք եւ վաղուան կը նայինք յոյսի աչքերով: Շեշտելով սիրոյ անհրաժեշտութիւնը մարդուն կեանքին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր՝ Մեծին, Արարիչին, Աստուծոյ նկատմամբ, առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ մարդիկ որքան սէ՛ր ղրկեն վեր, բազմապատկուած կը ստանան վերէն, ապա հաւատացեալները հրաւիրեց՝ սիրելու զիրար։
Հուսկ, առաջնորդ սրբազանը աղօթեց Արցախի, Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար՝ հայցելով Աստուծոյ պաշտպանութիւնը եւ զօրութիւնը, ի խնդիր հայ ազգի ու հայրենիքի խաղաղութեան, ապահով կեցութեան, բարօր կեանքին ու լուսաւոր ապագային:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ