ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Եւրոպայի Ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) ընդհանուր քարտուղարները իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ ուղղեցին՝ միջամտելու ատրպէյճանական բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանին մէջ արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու:

Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ մը առաջ, Գերմանիոյ մէջ գումարուած ԵՀԽի 11րդ համաժողովը՝ անդրադառնալով Արցախի հարցին, կոչ ուղղած էր՝ խաղաղ միջոցներով եւ քաղաքական երկխօսութեամբ արդար լուծում մը տալու՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին կողմէ կատարուած նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Վերոյիշեալ միացեալ նամակը նաեւ կ՛անդրադառնայ, թէ, ըստ յստակ տեղեկութիւններու եւ վերլուծումներու, Ատրպէյճան, նկատի ունենալով, որ միջազգային համայնքի ուշադրութեան կեդրոնացումը Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ է եւ օգտագործելով ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները՝ կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել Հայաստանին՝ զինուորական միջոցներով: