Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 22 Սեպտեմբերին, ՀԱՊԿի առաքելութեան աշխատանքի ծիրին մէջ այցելեց Վայոց Ձորի մարզի սահմանամերձ շրջանը՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ սահմանին վրայ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին ՀԱՊԿի քարտուղարութենէն:
Սթանիսլաւ Զաս հանդիպում ունեցաւ շփման գիծին մէջ տեղակայուած Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն եւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նաեւ ուսումնասիրեց ռմբակոծման ենթարկուած վայրերը եւ զրուցեց մարտական գործողութիւններուն մասնակցած զինուորներու հետ:
Զաս նոյն օրը Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեանի հետ:
Ըստ ՀԱՊԿի պաշտօնական կայքին՝ մանրամասն կերպով քննարկուեցան Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու առանձին հատուածներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀԱՊԿի հետագայ հնարաւոր միջոցառումները:


