Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չբացառեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Փրակի մէջ հանդիպելու կարելիութիւնը: Այս մասին յայտնեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան յայտնեց, որ կը քննարկուի Պրակի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի հանդիպման մասնակցելու հարցը՝ նկատել տալով, որ, եթէ որոշեն մեկնիլ Չեխիա, ենթադրաբար, հոն պիտի ըլլայ նաեւ Փաշինեան: «Կարելիութիւնը կայ, որ բոլոր հարցերը այնտեղ քննարկելու արիթը ունենանք», նշեց ան:
Էրտողան նաեւ ըսաւ, որ որոշ նախաձեռնութիւններ տեղի պիտի ունենան Կովկասի մէջ, ներկայ դրութեամբ՝ անոնք տակաւին ծրագրումի փուլին մէջ են: Ան աւելցուց, որ այդ հարցերը պիտի քննարկէ իր եղբօր՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ, անոնց հիման վրայ, քայլերու պիտի ձեռնարկեն:
Փաշինեանի եւ Էրտողանի հանդիպումի կարելիութիւնը հաստատեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Վահան Յունանեան: Պատասխանելով այս մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին՝ ան ըսաւ. «Պրահայում անցկացուելիք միջոցառման ընթացքում Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի հանդիպումը բացառուած չէ: Միաժամանակ, այս պահի դրութեամբ նման հանդիպում հաստատուած չէ: Հանդիպման հաստատման դէպքում հանրութեանը պատշաճ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք»: