«Ինը օր շրջափակման մէջ գտնուած երկու զինծառայողի յաջողուել է դուրս բերել շրջափակումից», յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան՝ յիշելով անոնց անունները՝ հարիւրապետ (captain) Արտեոմ Գէորգեան եւ կրտսեր յիսնապետ (sergeant) Արման Փիլոսեան:
Ըստ «Ազատութեան»՝ համացանցի վրայ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս զանոնք դիմաւորեցին Ջերմուկի մէջ. անոցմէ մէկը կը քալէր դժուարութեամբ: Մինչ այս պահը չէր հաղորդուած, որ շրջափակման մէջ զինուորներ կան:
Արդէն շուրջ 10 օրերէ ի վեր, ատրպէյճանական զինուած խումբը չէ նահանջած Ջերմուկի հատուածէն: Ռազմական վերջին գործողութիւններուն ընթացքին, ատրպէյճանական յառաջխաղացքը ինքնին այս ուղղութեամբ էր: Անցեալ Ուրբաթ, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարը կանխատեսումներ ըրաւ, թէ եթէ անոնք քանի մը օր ջուր եւ ուտելիք չստանան, ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալու: Թորոսեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանցիները չեն հեռացած, առանց մանրամասնութիւններ տալու կամ յստակացնելու հետագայ քայլերը: «Մենք ադրբեջանական լայնածաւալ ագրեսիայից (յարձակումէն) յետոյ պարբերաբար պաշտօնական հաղորդագրութիւններով յայտնում ենք, որ իրադրութեան փոփոխութիւն չկայ, կը լինեն նման փոփոխութիւններ, այդ մասին յաւելեալ հաղորդագրութիւններով հանդէս կը գանք», նշեց Թորոսեան:
«Ազատութեան» հարցումին, թէ «երբ ասում էք, որ իրադրութեան փոփոխութիւն չկայ, Ջերմուկի իրադրութիւնն էլ մէջ է մտնո՞ւմ»՝ Թորոսեան պատասխանեց. «Նկատի ունենք, որ առաջնագծում, այո՛, իրադրութեան փոփոխութիւն չկայ»:
Հակառակ անոր որ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ատրպէյճանցիները 4.5 քիլոմեթրի վրայ են, Ջերմուկի փոխքաղաքապետ Վարդան Սարգսեան յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով քաղաքը լքած ջերմուկցիները աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց տուները:
«Քաղաքն աստիճանաբար վերադառնում է բնականոն կեանքի, սկսել են աշխատել բանկերը, ժողովուրդը, որոնք լքել էին քաղաքը աստիճանաբար վերադառնում են, տրանսպորտը աստիճանաբար սկսել է աշխատել, դպրոցները՝ դեռ՝ ոչ», ըսաւ Սարգսեան: