Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները դրական պիտի ըլլան, եթէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները կարգաւորուին, մինչդեռ դրական պատկեր չկայ, յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Անգարա կը փափաքի ընդարձակել բարեկամներու եւ ոչ թէ թշնամիներու շրջանակը: Պաքուի նկատմամբ Երեւանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ մեր գործողութիւններուն վրայ», ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան ըսաւ Էրտողան:
Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշողլու ըսած էր, թէ պատրաստ է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպելու, սակայն յստակ թուական տակաւին չկայ:
«Ես (Փաշինեանին) պարզ եւ յստակ ներկայացուցած եմ Անգարայի դիրքորոշումը՝ որ Հայաստանի երկխօսութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետփոխկապակցուած են: Մենք Երեւանէն գործուն քայլեր կ՛ակնկալենք: Սակայն, այժմ ես չեմ կրնար ըսել, որ մենք հասած ենք յարաբերութիւններու կարգաւորման որեւէ մակարդակի: Միայն Հայաստան ի վիճակի է փոխել իրադրութիւնը դրական ուղղութեամբ՝ նուազագոյնի հասցնելով Սփիւռքի գործողութիւններուն բացասական ազդեցութիւնը», պնդեց Էրտողան:
«Հայկական Սփիւռքը՝ ըլլայ այդ Ֆրանսայի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դէմ է (Թուրքիա-Հայաստան) երկխօսութեան, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կը ձգէ ամբողջ գործընթացին վրայ: Այս պահուան դրութեամբ՝ մենք Անգարային եւ Պաքուին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող բաւարար քայլեր չենք տեսներ Երեւանի կողմէ: Ամէն ինչ կախեալ է Հայաստանի ղեկավարութենէն: Մենք թշնամիներ չենք ուզեր, այլ՝ բարեկամներ», յայտնեց Էրտողան: